2017-04-04 10:12:00

Հայաստանի մէջ գորգերու արտադրութեան ծաւալը աւելցած է 60 տոկոսով


2017-ի Յունուար-Փետրուարին նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ գորգերու եւ գորգեղէնի արտադրութեան ծաւալը աճած է 60 տոկոսով:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը, եթէ 2016-ի Յունուար-Փետրուարին հանրապետութեան մէջ արտադրուած է 0.5 թոն գորգեր եւ գորգեղէն, ապա այս տարուան նոյն ժամանակահատուածին` 0.8 թոն:

Panorama.am-ի փոխանցմամբ`Յունուար-Փետրուարին  Հայաստանի մէջ արտադրուած է 648.7  հազար հատ հագուստեղէն,  իսկ 2016-ի Յունուար-Փետրուարին`  500.1 հազար հատ: Այստեղ արտադրութեան ծաւալները աճած են 29.7 %-ով:

Աւելցած են նաեւ բամբակեայ գործուածքներու արտադրութեան ծաւալները: Եթէ 2016-ի Յունուար-Փետրուարին արտադրուած է 0.2 թոն բամբակեայ գործուածք, ապա այս տարուան նոյն ժամանակահատուածին` 0.4 թոն, որ 2 անգամ աւելի է:

Վիճակագրական տուեալներուն համաձայն` այս ժամանակահատուածին 36.9%-ով նուազած է միայն գուլպայի արտադրութեան ծաւալը: 2016-ի Յունուար-Փետրուարին արտադրուած է 1 592.1  հազար զոյգ գուլպայ, իսկ 2017-ին`  1 004.8  հազար զոյգ:








All the contents on this site are copyrighted ©.