2017-04-04 10:23:00

Հայաստան – Եւրոպական միութիւն համաձայնագիրը պիտի ստորագրուի նոյեմբերին


Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ նախաստորագրուած փաստաթուղթը հաւանաբար Պրիւքսէլի մէջ պիտի ստորագրուի նոյեմբերին` Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովին ընթացքին, երէկ յայտարարեց Եւրոպական խորհրդարանի պատուիրակութեան ղեկավար Հէյտի Հաուտալան:

Եւրոպական խորհրդարանի պատուիրակութեան ղեկավարը ընդգծեց, որ 2 ապրիլին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն վերաբերեալ ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի յանձնարարականներու կատարումը իրենք կը դիտեն իբրեւ շրջանակային համաձայնագիրի իրականացման մաս:








All the contents on this site are copyrighted ©.