2017-04-03 15:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը մարդավաճառութեան դէմ Վիեննայի 17-րդ խորհրդաժողովին։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 3 ապրիլ 2017-ի յետմիջօրէի ժամը 3-ին, Վիեննայի մէջ կայացած մարդավաճառութեան ու մանկավաճառութեան դէմ ԵԱՀԿ-ի 17-րդ խորհրդաժողովի ընթացքին­, Հայր Միքայէլ Խերնի, Սուրբ Աթոռի Մարդկային համապարփակ զարգացումի` համաժողովի, գաղթականներու ու ապստանելաներու բաժանմունքի ենթաքարտուղարը, ընթերցեց  Ֆրանչիսկոս Պապին այս առթիւ ժողովականներուն ուղղած պատգամը որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով խորհրդաժողովի նիւթին հաստատած է թէ այդ հաւաքը դրական նշան է արմատախիլ ընելու համար այն ինչ որ կը նկատուի ժամանակակից մարդկութեան դիմագիծի ամօթալի մէկ վէրքը, մատնանշելով նաեւ թէ այդ առեւտրային երեւոյթը կը ցնցէ որեւէ կրօնի պատկան հաւատացեալ ու թէ այդ մէկը նկատուելու է որպէս ստրկութեան մէկ ձեւ, մարդկութեան դէմ ոճիր, մարդկային իրաւունքի խախտում, խոր վէրք մը, որ պէտք է աւելիով դատապարտել երբ անոր զոհերն են մանուկները։

Նորին Սրբութիւնը այս առընչութեամբ հրաւիրած է ամէն ջանք դափել հրահրելու հասարակաց կարծիքը ու համադրելու այս հարցի հետ կապակցութիւն ունեցող բոլոր իշխանութիւններու ու պատասխանատուներու գործընթացը,  միլիոնաւոր մանուկներու ու տարեցներու կեանքը փրկելու միտումով։
Սրբազան Քահանայապետը պատգամի աւարտին  իր աղօթքը ապահովեցուցած է խորհրդաժողովին յաջողութեան համար ու բոլոր մասնակցողներուն վրայ հայցած է Ամենակարողին օրհնութիւնը` անոնցմէ խնդրելով որ իր այս իղձը փոխանցեն նաեւ բոլոր անոնց որոնք յանձնառու են այս ախտին դէմ պայքարի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.