2017-04-03 08:17:00

Էջմիածինի մէջ հոգեհանգստեան կարգ Ապրիլեան պատերազմի նահատակներու հոգիներուն։


 «Արմենփրես․- Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ հոգեհանգստեան կարգ մատուցուեցաւ մէկ տարի առաջ ապրիլեան պատերազմի ժամանակ զոհուած զինուորներու հոգիներու խաղաղութեան համար:  Արարողութիւնը կատարուեցաւ  Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ․­ի տնօրինութեամբ: Պատարագին կը մասնակցէր նաեւ ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեան:

Տէր Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեան հաւատաւորներուն փոխանցելով կաթողիկոսին խօսքը, նշեց, որ իրենց աղօթքները առ Աստուած կը բարձրացնեն քաջարի զինուորներու հոգիներուն խաղաղութեան եւ հանգստութեան համար: «Մէկ տարի առաջ մեր խիզախ զինուորները կասեցուցին Արցախի մեր ժողովուրդին ազատ ապրելու իրաւունքին բռնացող ռազմական գործողութիւնները, արեան գնով ետ մղեցին հակառակորդը` վկայելով հայրենի երկրի մեր ժողովրդի նախանձախնդրութիւնը, ուժն ու կորովը եւ անպարտելի ոգին», ըսաւ հոգեւորականը:

 Անոր խօսքով` Մեծ պահքի այս օրը` Գալստեան Կիրակին, կը յիշեցնէ Տիրոջ գալուստն ու իր հաւատարիմ հետեւորդներուն յաւիտենական կեանքի շնորհին արժանացնելը: «Մեր զոհուած հերոսները փոխադրուեցան հանդերձեալ կեանքի հանգրուան` մուտք գործելու յաւիտենութիւն եւ անանց երանութիւն ժառանգելու, քանզի անձնազոհութեան մեծագոյն առաքելութիւնը դրսեւորեցին», աւելացուց  Նաթան արք․ Յովհաննիսեան:

Ապրիլ 2­ին` 2016 թուականի ապրիլեան պատերազմին զոհուած քաջարի հայորդիներուն համար հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ թեմերու առաջնորդանիստ եկեղեցիներուն մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.