2017-04-02 11:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Քարփիի մէջ. Այսօր եւս Յիսուս մեզի կ՛ըսէ ''Դուրս եկուր գերեզմանէն''։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 2 ապրիլ 2017 առաւօտեան 9.35-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հովուական այցելութեամբ ժամանեց Իտալիոյ Էմիլիա Ռոմանիա մարզի մէջ գտնուող Քարփի գիւղաքաղաք, որ 5 տարիներ առաջ թիրախ դարձած էր երկրաշարժի որ պատճառած էր 28 մեռեալ, հարիւրաւոր վիրաւորներ ու անհամար աւերներ։

Ֆրանչիսկոս Պապին սոյն այցելութիւնը կը հանդիսանայ, երեսուն տարուայ ընթացքին, Քահանայապետի մը երրորդ այցելութիւնը, Վաստակաւոր Քահանայապետ Պենետիկտոս ԺԶ 2012-ին երկրաշարժէն ետք ու Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի 1988-ին կատարած հովուական այցելութեններէն ետք։ Հովուական Այցելութիւն մը զոր Ֆրանչիսկոս Պապ անձամբ որոշած է կատարել իր մօտիկութիւնը յայտնելու շրջանի բնակչութեան ու յոյս ներշնչելու անոնց։

Նորին Սրբութեան միօրեայ հովուական  այցելութիւնը սկիզբ առաւ Քարփիի ''Փիացցա Մարթիրի – Մարտիրոսաց'' հրապարակին վրայ մատուցած Սուրբ պատարագի արարողութեամբ որուն ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ան մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումները հաստատեց թէ անոնք կը խօսքին կեանքի Աստուծոյ մասին որ յաղթեց մահը. Ղազարոսի յարութիւնը։

''Այնտեղ­, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, ամէն ինչ լրումին հասած կը թուէր­, դամբանը փակ էր ու անոր շուրջ կային լաց ու ողբ։ Յիսուս եւս ազդուած էր ու խռոված էր` սիրելի անձի մը կորուստին համար, ու ինք եւս լացաւ, կ՛ըսէ աւետարանը ապա`  ''դարձեալ հոգեւին դողաց ու գնաց գերեզման''։

''Ահա այս է Աստուծոյ սիրտը, հեռու չարէն, սակայն մօտիկ տառապողին'' յարեց Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով թէ Յիսուս թէեւ ինք եւս կը տառապէր­ չի փակուեցաւ ողբին մէջ այլ վստահութեամբ  դիմեց Հօր ''Հայր շնորհակալ եմ քեզի որ լսեցիր զիս''... Տառապանքի խորհուրդին մէջ Յիսուս մեզի  ցոյց կու տայ ճանապարհը որուն պէտք է հետեւիլ։ Այդ գերեզմանի շուրջ կ՛իրականանայ հանդիպում - բախում մը. Մէկ կողմէն կայ հիասթափութիւնը, մեր մահացու կեանքին անցողականութիւնը, ներքին  խաւար մը, ու միւս կողմէն կայ յոյսը` որով մահն ու չարը կը յաղթահարուին, ու այդ յոյսը ունի անուն մը` Յիսուս։ Ան քիչ մը բարօրութիւն չէ որ կը նուիրէ, այլ կը հռչակէ ''ես եմ յարութիւնն ու կեանքը, ով որ ինծի հաւատայ պիտի չմեռնի''­­, ապա կ՛ըսէ տապալեցէք գերեզմանի քարը ու Ղազարոսին բարձր ձայնով կը գոչէ ''Ղազարոս ել եւ դուրս եկուր''։

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր  մենք եւս կանչուած ենք որոշելու եւ ընտրանք մը կատարելու։ Կարող ենք ընտրել գերեզմանը կամ Յիսուսը։ Կան ոմանք որոնք կը փակուին տխրութեան մէջ եւ ոմանք որոնք կը բացուին յոյսին։ Ոմանք որոնք կեանքի աւերակներու որոգայթներու մէջ կը մնան ու ոմանք, ձեր նման, որոնք Աստուծոյ օգնութեամբ, աւերակներէն դուրս կու գան­, ու համբերատար յոյսով կը վերակառուցեն ամէն ինչ։

 

''Ի տես կեանքի ''Ինչու'' հարցումին ունինք երկու ուղիներ. Տխրութեամբ դիտել  երեկուայ եւ այսօրուայ գերեզմանները­, կամ Յիսուսը մօտեցնել մեր այդ գերեզմաններուն'' ըսաւ  ապա Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով ներկաները իրենց սրտին խորքին մէջ փնտռելու այդ գերեզմանները, ու թոյլ տալու որ Յիսուս մօտենայ անոնց։

''Թոյլ չտանք իյնալու առանձին մնալու ու յուսալքումի փորձութեան մէջ, գերեզմանի մթնոլորտին մէջ, այլ ընտրենք Տիրոջ ցուցաբերած կեանքի ճանապարհը, անոր հետ հանդիպումը, անոր վրայ վստահութիւնը, սրտերու յարութիւնը'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ Յիսուսին` Ղազարոսին ուղղած կոչը ուղղուած է նաեւ մեզի ''դուրս եկուր''։ Դուրս եկուր անյոյս տխրութեան  խաչմերուկէն,  քակէ ճանապարհը խոչընդոտող վախի կղպանքները, ու հետեւէ Յիսուսին` հակառակ կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն, անոր մէջ գտնելով նոր կայունութիւն, Ան որ է յարութիւնն ու կեանքը։ Անոր հետ ուրախութիւնը կը բնակի մեր սրտերուն մէջ, յոյսը կը վերակենդանանայ, տխրութիւնը կը վերածուի անդորրութեան, վախը վստահութեան ու փորձանքը սիրոյ նուէրի։ Նոյնիսկ եթէ բեռերը չեն պակսիր, վստահ ըլլանք թէ մեզ վերականգնող ձեռք մը պիտի ըլլայ ու անոր քաջալերանքի խօսքը ''Դուրս Եկուր. Ինծի եկուր''։

Քարոզի աւարտին Քահանայապետը ըսաւ. ''Այսօր եւս Յիսուս մեզի կ՛ըսէ ''Քարը տապալեցէք'' առ այդ Տիրոջ մուտքի դուռը չփակենք անոր առջեւ, այս ժամանակաշրջանը առիթ է ազատուելու մեր մեղքերէն, աշխարհիկ ունայնութիւններու կապուածքէն, ու մեր հոգին կաշկանդող պարծանքէն։  ։

Ազատագրուած ու Փրկուած Յիսուսէն` խնդրենք ապա շնորհքը դառնալու կեանքի վկաներ այս աշխարհին մէջ որ ծարաւի է, վկաներ որոնք կը ներշնչեն Աստուծոյ յոյսը` յոգնած ու բեռնաւորուած սրտերուն մէջ։ Մեր աւետիսը կենդանի Տիրոջ ուրախութիւնն է` որ այսօր եւս Եզեկիէլ Մարգարէին հետ կ՛ըսէ ''Ահա ես կը բանամ ձեր գերազաններու դռները, ձեզ դուրս կը հանեմ ձեր դամբաններէն` ով սիրելի իմ ժողովուրդ''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.