2017-04-01 13:07:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 1 ապրիլ 2017-ի գործունէութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 1 ապրիլ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10,00 ին,  ֆրանչիսկոս Պապ իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց Եպիսկոպոսներու ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Մարք Ուելլեն,  մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Փիթեր Թուրքսոն, ապա Վատիկանի տնտեսական քարտուղարութեան մատակարարման  բաժանմունքի քարտուղար՝ գերապայծառ Լուիճի Միսթօ, հուսկ ընդունեց Վատիկանի Թանգարաններու տնտեսական մատակարարումի բաժանմունքի պատուիրակ՝ գերապայծառ Փաուլօ Նիքոլինին։   

Ժամը 12.25-ին, Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ , ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Հռոմի Սպանական Սախ Խօսէ  վարժարանի աւելի քան 160 անդամները՝ վարժարանի հիմնադրութեան  125  ամեակի առիթով։

Ներկաներուն ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը մատնանշեց ՝՝Սիրտ Յիսուսի բանուոր քահանաներուն թեմական եղբայրներու՝՝ միաբանութեան հիմնադիր՝ երանելի Մանուէլ Տօոմինկօ Ի Սոլ-իին, ապա ակնարկելով միաբանութեան գլխաւոր կոչումին՝  կղերականներուն կազմաւորումը,      ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց ներկաները Տիրոջ Հարց  տալու,  թէ ո՞րն է Իր Կամքը  եւ ի՞նչ կ՝ակնկալէ  կղերականներէն։  

Առ ի պատասխան յիշեալ հարցումներուն, Սրբազան Հայրը յիշեց Յիսուսի խօսքը  ՝՝ պիտի սիրես Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր հոգիովդ  ու բոլոր զօրութեամբ՝՝ (Մարկ 12,30) ու խօսքը կեդրոնացուց  անշահախնդիր սիրոյ վրայ, որ կը նշանակէ գործել առանց բան մը ակնկալելու, առանց անձնական  շահ փնտռելու։  

Նորին Սրբութիւնը ապա խօսքը կեդրոնացուց հովուական ծառայութեան սիրոյ վրայ  նշելով որ անիկա կը  կայանայ դուրս ելլելու եւ դէպի մերձաւոը ընդանալու  մէջ, աւելցնելով որ այս մէկը` շատ դժուար է գործել առանցին եւ ասոր համար է , որ  Յիսուսի խնդրանքն է   հասարակութիւն դառնալ , որուն մէջ կը ներգործէ սուրբ հոգին, պայքարելու համար անհատականութեան մարտահրաւէրներուն դէմ  եւ բազմազանութիւնը ընդունելու որպէս պարգեւ, ի վերջոյ կղերականութեան միութիւնը փնտռելու,  որ է Աստուծոյ ներկայութեան նշան՝ հասարակութեան կեանքի մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ Քահանայական կազմաւորման մասին խօսելով յայտնեց,  թէ թէպէտ շատ կարեւոր է,  սական  ակադեմիական չէ՝, այլ պէտք է ամբողջական գործընթաց ըլլայ , որ ընդգրկէ  կեանքի բոլոր երեւոյթները։ ։ ՝՝Կազմաւորումը, կը ծառայէ ոչ միայն աճելու՝  այլ  կը ծառայէ  Աստուծոյ եւ եղբայրներու մօտենալու ըսաւ Ան ։

Ի վերջոյ ակնարկելով Յիսուսի  ՝՝պիտի սիրես քու Տէր Աստուածդ բոլոր զօրութեամբ Սրբազան Հայրը մէջբերեց Տիրոջ խօսքը ՝՝ուր գանձդ է. հոն է նաեւ սիրտդ՝՝ (Մատթ 6,21)  յորդորելով գոհութիւն յայտնել Աստուծոյ շնորհած պարգեւներուն համար, ճիշդ արժեւորելով  հարստութիւնները, մօտիկ գտնուելու համար աղքատներուն ու տկարներուն։ 

Խօսքի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը  ՝՝Սոն խոսէ՝՝ հասարակութիւնը յանձնեց   Տիրամօր հովանիին բոլոր ներկաներուն շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնները








All the contents on this site are copyrighted ©.