2017-04-01 08:46:00

Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Հռոմի կոյրերու մէկ կեդրոնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 31 մարտ 2017-ի յետմիջօրէին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անակնկալ այցելութիւն մը կատարեց Հռոմի Սան Ալէսիօ-Մարկերիթա Տի Սավոյա` կոյրերու յատկացուած մարզային կեդրոնին։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը որ կը տեղեկացնէ նաեւ թէ սոյն այցելութեամբ Սրբազան Քահանայապետը կ՛ուզէ շարունակութիւն տալ ''ողորմութեան ուրբաթ օրերուն'', ամէն ամիս այցելելով մէկ խնամական կեդրոն մը` հոգեւոր ու մարմնաւոր ողորմութեան ներգործութիւններու շրջագիծէն ներս, մօտիկութիւն ցուցաբերելու բոլոր անոնց որոնք կ՛ապրին ­­ֆիզիկական կամ ընկերային բացառումի իրավիճակի մէջ։

Այցելութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպում ունեցաւ կեդրոնի հիւրերուն հետ որոնց շարքին էին նաեւ 50 մանուկներ` որոնք կեդրոնը կը յաճախեն յատուկ կազմաւորում ընդունելու իրենց առօրեայի կեանքը կարենալ ապրելու համար, ապա 37 չափահաս ու տարեցներ որոնք մնայուն կերպով կ՛ապրին կեդրոնին մէջ։

Կեդրոն ժամանելուն Սրբազան Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ կեդրոնի նախագահ Տիար Ամետէօ Փիովայի  ու կեդրոնի ընդհանուր տնօրէն` ինք եւս կոյր, Տիար Անթոնիօ Օրկանթիի կողմէ, ինչպէս նաեւ կեդրոնի առողջապահական մարմնի անդամներուն ու կամաւորներուն կողմէ։

Այցելութեան առթիւ Սրբազան Քահանայապետը յատուկ նուէր մը թողուց կեդրոնին ու յատուկ մագաղաթ մը ստորագրեց կեդրոնի Մատրան յատկացուած­, ի յիշատակ այցելութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապին սոյն այցելութիւն վերջ գտաւ երեկոյեան 6-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.