2017-04-01 08:55:00

Քարփիի բնակչութիւնը անհամբեր կը սպասէ Քահանայապետի ժամանումին։


(Ռատիօ Վատիկան) 2012-ին ահաւոր երկրաշարժ մը ցնցած էր Իտալիոյ Էմիլիա նահանգը պատճառելով 28 մեռեալ, հարիւրաւոր վիրաւորներ ու ամէն տեսակի քանդումներ։ Այդ օրէն անցած են ահա 5 տարիներ ու Քարփիի փոքրիկ քաղաքը կը պատրաստուի ընդունելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին այցելութիւնը որ տեղի կ՛ունենայ Կիրակի 2 Ապրիլին, որ է նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի մահուան 12-րդ տարելիցը։

Սոյն հովուական այցելութեան առթիւ Քարփիի քաղաքապետը Տիար Ալպերթօ Պելլելլի Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է թէ Քարփիի բնակչութիւնը անհամբեր ու մեծ ուրախութեամբ կը սպասէ Ֆրանչիսկոս Պապի ժամանումին ու յատկապէս այս այցելութեան ծիրէն ներս Անոր փոխանցելիք պատգամներուն որոնք, ըսած է Քաղաքապետը, առիթ կ՛ընծայեն, ըլլայ կաթողիկէներուն ըլլայ ոչ կաթողիկէներուն, խոկալու ու խորհրդածելու աշխարհին ու կեանքին հայող կարեւոր նիւթերու շուրջ, ինչպէս է պարագան համաշխարհայնացումին, անտարբերութեան համաշխարհայնացումը կամ արուարձաններու հարցը, ըլլայ ան աշխարհագրական արուարձան կամ գոյութենական...։ 

Յայտնենք թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Կիրակի 2 Ապրիլի  առաւօտեան 8.15-ին կը մեկնի Վատիկանի ուղղաթռիչքի կայանէն ուղղուելով Քարփիի ''Տորանտօ Փիեթրի'' մարզադաշտ ուր կը ժամանէ մէկ ու կէս ժամ տեւող թռիչքէ ետք եւ ուր կը դիմաւորուի տեղական եկեղեցական ու քաղաքական իշխանութիւններու կողմէ։

Նորին Սրբութեան հովուական այցելութեան առաջին հանգրուանը կը հանդիսացայ Քարփիի ''Նահատակներու Հրապարակ'' ուր նախատեսուած է Սուրբ պատարագի արարողութիւնը­, որուն կը յաջորդէ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը ու Քարփիի Թեմին թեմական երեք կառոյցներու անկիւնաքարերու օրհնութիւնը` Սանդ Ակաթա Տի Քարփի ժողովրդապետութեան, Սանդ Անթոնիօ Ին Նովի հոգեւոր կրթութեան Կեդրոն ու Քարփիի ''Ողորմութեան միջնաբերդ''ը։

Քարփիի Թեմական Նորընծայարանին մէջ  Մարզի եպիսկոպոսներուն տարեց քահանաներուն, կղերական դասին ու նորընծաներուն հետ կէսօրուան ճաշը բաժնեկցելէ ետք Սրբազան Քահանայապետը ժամը 15-ին հանդիպում կ՛ունենայ  թեմական կղերին, կրօնաւորներուն ու նորընծաներուն հետ որուն աւարտին Սրբազան Քահանայապետը կը տեղափոխուի Միրանտոլա գիւղաքաղաք` ուր այցելելէ ետք երկրաշարժի պատճառաւ տակաւին կիսաւեր աթոռանիստ եկեղեցին, եկեղեցւոյ հրապարակին վրայ  հանդիպում կ՛ունենայ երկրաշարժի թիրախ դարձած բնակչութեան հետ անոնց ուղղելով սրտի խօսքը, որուն աւարտին ծաղկեփունջ մը կը զետեղէ երկրաշարժի բոլոր զոհերու յիշատակին կառուցուած յուշարձանին առջեւ։

Միրանտոլայի մէջ բնակչութեան հետ ունեցած հանդիպման աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ հրաժեշտ կ՛առնէ ներկաներէն ուղղուելով Սան Ճաքոմօ Ռոնքոլէ ժողովրդապետութեան մօտակայքը գտնուող մարզադաշտ որտեղէն ուղղաթիռ կը բարձրանայ վերադարձ կատարելու համար Վատիկան ուր ժամանումը նախատեսուած է երեկոյեան 7-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.