2017-03-31 08:30:00

Քառասնորդացի առթիւ Չինաստանի կաթողիկէ ժողովրդապետութեան մը մէջ միջ-կրօնային հանդիպում։


(Ռատիօ Վատիկան) ֆիտես եկեղեցական լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ,  որ Չինաստանի Զենկ Զու թեմի,  Յիսուսի Սուրբ սիրտ ժողովրդապետութեան մէջ, քառասնորդացի առթիւ կազմակերպուած միջ-կրօնային ձեռնարկի մը ընթացքին Չինացի Պուտտիսթ վանական մը,  կաթողիկէ հաւատացեալներուն վկայութիւններ փոխանցած է իր հնդկաստան կատարած ուխտագնացութեան  փորձառութեան մասին եւ Քալքութայի  Սրբուհի Մայր Թերեզայի հանդէպ ունեցած մեծ  ջերմեռանդութեան մասին։ 

Չինացի վանականը, հաւատացեալներուն բաշխած է Սրբուհի մայր Թերեզայի՝ Հռոմի մէջ կայացած սրբադասման արարողութեան ընթացքին օրհնուած մետալները Ան ապա մեծ յուզումով  եւ հմայքով արտայայտուած է  Մայր Թերեզայի մասին, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած էր աղքատներուն։

Վերոնշեալ ձեռնարկը մաս կը կազմէ Յիսուսի Սուրբ սիրտ ժողովրդապետութեան քառասնորդաց շրջանի ուղեւորութեան առթիւ ''կրօնական երկխօսութեան'' ի սպաս կազմակերպուած հանդիպումներուն։

Նշենք, թէ  Չինաստանի Սուրբ Սիրտ Յիսուսի աշխուժ հասարակութիւնը իր գործունէութիւններու ծիրէն ներս զանազան ձեռնակներ կը կազմակերպէ երիտասարդներուն համար,  անոնց հոգեւոր եւ արհեստագիտական կազմաւորման ի սպաս, կրօնուսուցումի, աւետարանումի, ընկերային սպասարկութեան ու բարեգործական աշխատանքներու միջոցաւ։ ։

Չինաստանի կաթողիկէ ժողովրդապետութիւնը, 2017 տարին հռչակած է հոգեւորականութեան տարի, հրաւիրելով բոլոր հաւատացեալները իրենց սրտերը բանալու եկեղեցւոյ դիմաց, այնպէս ինչպէս յայտնած է ժողովրդապետութեան հոգեւոր հովիւը ''մենք կ՛ուզենք ապրիլ հասարակաց ներդաշնակ կեանք մը, վերացնելով բոլոր  խոչընդոտները մեր միասնական ծառայութիւնը մատուցելով հասարակութեան, Եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան''։  








All the contents on this site are copyrighted ©.