2017-03-30 11:43:00

Ֆրանչիսկոս Պապ - “Աստուած կու լայ մեզի համար՝ երբ կը հեռանանք Անոր սէրէն”


(Ռատիօ Վատիկան) Այսօրուան սուրբգրային ընթերցումը առնուած է Հին Կտակարանի Ելից գրքէն, ուր Աստուած խօսելով Մովսէս մարգարէին, կը յայտնէ իր յուսախափութիւնը եւ զայրոյթը հրեայ ժողովուրդի կատարած դաւաճանութեան դիմաց։ Հրեայ ժողովուրդը, տեսնելով հանդերձ Աստուծոյ հզօր արարքները, դաւաճանած էր Անոր եւ կ’երթար կուռքերու ետեւէն (Ելք ԼԲ. 7-14)։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Հինգշաբթի, Մարտ 30ի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին մեկնաբանեց ընթերցուածի պատգամը։ Ան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ “Աստուծոյ յուսախափութիւն կը պատճառենք երբ կը մոռնանք զԱստուած, որ մեզ ստեղծած է, որ մեզ աճեցուցած է, որ մեզի ընկերացած է կեանքի մէջ։ Մարդ արարածը իր սրտին մէջ միշտ ունի այս միտումը – ան գոհ չէ Աստուծմէ, գոհ չէ հաւատարիմ սէրէն։ Մարդու սիրտը միշտ կ’ուղղուի դէպի անհաւատարամութիւն”։ Հրեայ ժողովուրդն ալ չունէր յարատեւութիւն, անհամբեր էր, եւ խոտորեցաւ, հեռացաւ ճշմարիտ Աստուծմէ՝ փնտռելով չաստուածութիւններ։ Այս բանը Աստուծոյ մեծ յուսախափութիւն կը պատճառէր։

Վերջապէս, Սրբազան Հայրը նկատեց, թէ Աստուած հօր մը սիրտն ունի։ Ինչպէս Յիսուս լացաւ Երուսաղէմի վրայ, այնպէս ալ Աստուած կու լայ ինծի համար, եթէ Անոր յուսախափութիւն պատճառեմ, եթէ հեռանամ Անկէ։ Հետեւաբար լաւ կ’ըլլայ քառասունքի այս շրջանին կատարել խղճի քննութիւն մը եւ աղօթել՝ “Տէ´ր, դուն որ շատ մը երազներ ունէիր իմ մասիս, գիտեմ թէ հեռացայ քեզմէ. ըսէ´ ինծի ի´նչպէս դառնամ”։ Աստուած միշտ կը սպասէ մեզի, ինչպէս անառակ որդիին հայրը կը սպասէր իր որդւոյն։








All the contents on this site are copyrighted ©.