2017-03-30 10:03:00

Բրիտանիոյ վարչապետը գործարկեց «Պրեքզիթ»-ի ընթացակարգը


Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ ստորագրած է այն նամակը, որով Եւրոպական Միութեան իշխանութիւններուն կը ծանուցուի Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու ընթացակարգի պաշտօնական գործարկման մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
Ծանուցագիրը Բրիտանիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Թիմ Պարոուի կողմէ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսքին յանձնուեցաւ:
Բրիտանիոյ իշխանութիւնները կ՛երաշխաւորեն երկրին մէջ ապրող Եւրոպական Միութեան քաղաքացիներու իրաւունքները:
Աւելի ուշ, Մէյ խորհրդարանին մէջ խօսք մը արտասանելով Պրիւքսէլի ծանուցման մասին իրազեկեց խորհրդարանին:
 
 







All the contents on this site are copyrighted ©.