2017-03-29 11:28:00

Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ուղղեց Իրաքի քաղաքացիներուն պաշտպանութեան ի խնդիր։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 29 մարտ 2017-ին, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ զանազան լեզուներով ողջունելէ ետք Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած բազմաթիւ հաւատացեալները,  յղեզ կոչ մը, որուն մէջ ողջունեց ­­, Սուրբ Պետրոսի հրապարակը գտնուող  Իրաքցի վերատեսչութեան պատուիրակութեան անդամները ­ կազմուած՝  զանազան կրօնային ներկայացուցիչներէն, որոնց ընկերացած է քահանայապետական միջ-կրօնային երկխօսութեան խորհուրդի նախագահ՝ կարդինալ Թոռանը։

Կոչին մէջ Սրբազան Հայրը ակնարկելով Իրաքի զանազան կրօններու միացեալ պատուիրակութեան ըսաւ.

Սիրելի Իրաք  երկրի հարստութիւնը կը կայանայ ճիշտ այն  խճանկարին մէջ, որ կը ներկայացնէ բազմազանութեան մէջ միութիւն,  միութեան մէջ ուժ, ներդաշնակութեան մէջ բարգաւաճում։

Սիրելի եղբայրներ- ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը, ձեզ կը քաջալերեմ,  այս ուղիին վրայ յառաջ երթալու եւ կը հրաւիրեմ աղօթելու, որպէսզի Իրաքը՝ իր ցեղային ու կրօնային տարբեր բաղադրիչներու միջեւ համերաշխութեան եւ ներդաշնակութեան մէջ, գտնէ խաղաղութիւն,  միութիւն եւ բարգաւաճում։ 

Իմ մտածումս կերթայ այն  քաղաքացիական բնակչութեան, որոնք ՝Մոսուլի արեւմտեան շրջաններուն մէջ թակարդի մէջ կը գտնուին,  ինչպէս նաեւ պատերազմին   պատճառաւ գաղթականներուն, որոնց ցաւերուն կը միանամ`  աղօթքով եւ հոգեւոր մօտիկութեամբ

Մինչ կը յայտնեմ  իմ  խորին ցաւակցութիւնս արիւնալի հակամարտութեան զոհերուն, դարձեալ կը վերանորոգեմ կոչս բոլորին , որպէսզի իրենց բոլոր ուժերով յանձնառու ըլլան քաղաքացիներուն պաշտպանութեան ի խնդիր՝ որպէս հրամայական եւ  շտապ պահանջ։ Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ  կոչին աւարտին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.