2017-03-29 11:33:00

Համամիութենական աղօթք Լոնտոնի Սուրբ Գէորգի անուան եկեղեցւոյ մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի, 26 մարտ 2017-ին, Լոնտոնի Սուրբ Գէորգ անուան եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ  Պիրմինկամ թեմի՝առաջնորդ՝ արքեպիսկոպոս Պերնարտ Լոնկլէյի, Լուտերական եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներու  հաւատացեալներու ներկայութեամբ­,  յատուկ արարողութեամբ նշուեցաւ Լուտերական բարեկարգումի 500-րդ ամեակը եւ համամիութենական երկխօսութեան հաստատման 50 ամեակը։

Համամիութենական յիշեալ աղօթքի արարողութեան ներկայ գտնուեցան Մեծն Պրիթանիոյ  Լուտերական եկեղեցւոյ եպիսկոպոս վերապատուելի Մարտթին Լինտ­  եւ Սուտվարք քաղաքի արքեպիսկոպոս Փիթեր Սմիթ ։

Այս առթիւ արտասանած իր խօսքին մէջ Արքեպիսկոպոս Պերնարտ Լոնկլէյ  յիշեալ համամիութենական հանդիսութիւնը նկատեց , որպէս  հանդիպում­ ճանչնալու համար  Քրիստոսի ներկայութիւնը Կաթողիկէ եւ Լուտերական հաւատացեալներուն միջեւ։

Ան ապա անդրադառնալով վերջերս  Վեսթմինսթեր քաղաքի մէջ պատահած ահաբեկչական արարքին,  յիշեց ու հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու  ահաբեկչական գործողութեան զոհերուն համար։

Համամիութեան աղօթքին ծիրէն ներս Կաթողիկէ եւ Լուտերական եկեղեցիներուն առաջնորդները շնորհակալութիւն յայտնեցին բաժնեկցած աւետարանին համար, ցաւ  ու տխրութիւն յայտնեցին բարենորոգեալ եկեղեցւոյ բաժանումներուն համար, խոստանալով յանձնառու գտնուիլ վկայելու համար քրիստոնէական պատգամը բաժնուած եւ խոցուած աշխարհի մէջ։

Արքեպիսկոպոս Պերնարտ Լոնկլէյ իր խօսքը աւարտեց յայտնելով որ  այսօր  երկու դաւանանքները հնարապորւութիւնը ունին դարձեալ յանձնառու գտնուելու միասնաբար աշխատելու եւ աղօթելու­ քրիստոնեաներու  միութեան համար։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.