2017-03-29 10:07:00

Ընտանիքներուն համաշխարհային 9-րդ հաւաքին նուիրուած Ֆրանչիսկոս Պապին նամակին ներկայացում։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 30 Մարտ 2017-ի առաւօտեան 11-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կեդրոնատեղիին մէջ, տեղի կ՛ունենայ մամլոյ ասուլիս ներկայացնելու համար Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Ընտանիքներուն համաշխարհային 9-րդ հաւաքին առթիւ հրապարակած նամակը։

Ընտանիքներուն համաշխարհային 9-րդ հաւաքը նախատեսուած է` 2018-ի 21-26 օգոստոս, Իրլանտայի Տուպլին քաղաքին մէջ. որպէս բնաբան ունենալով ''Ընտանիքի աւետարանը. աշխարհի համար ուրախութիւն''։

Մամլոյ ասուլիսին ելոյթ կ՛ունենան Կարդինալ Ժոզէֆ Ֆարրել, աշխարհականներու, ընտանիքի ու կեանքի ժողովի կառավարիչը եւ գերապայծառ Տիարմուիտ Մարթին, Տուպլինի առաջնորդ։








All the contents on this site are copyrighted ©.