2017-03-29 09:36:00

Եւրոպական Միութիւնը կրնայ թուրքիան զրկել ելեւմտական օժանդակութենէն


Թրքական «Հապերթիւրք» կայքը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութիւնը կրնայ մինչեւ 2020 ջնջել «Այ.Փի.Էյ.» ծրագիրի ծիրին մէջ Թուրքիոյ` իբրեւ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան յաւակնող երկրի, տրամադրուող ելեւմտական օժանդակութիւնը:

Կը նշուի, որ Թուրքիան կրնայ զրկուիլ բնապահպանութեան, մարդու իրաւունքներու, դատական համակարգի, փոխադրամիջոցներու եւ կապի, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ մարզերու մէջ զարգացման ուղղուած ելեւմտական օժանդակութենէն` միջոցները ոչ նպատակային կերպով ծախսելու պատճառով:

Այդ ծրագիրին միջոցով 2007-2013-ի ընթացքին Թուրքիան Եւրոպական Միութենէն ստացած է 4 միլիառ 795 միլիոն եւրոյի օժանդակութիւն:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.