2017-03-28 09:07:00

Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հիւրընկալեց նախկին բանտարկեալներ


ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Չորեքշաբթի, Մարտ 22ի երեկոյեան, Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը խումբ մը նախկին բանտարկեալներու, որոնց կ՛ընկերանար ներկայ եւ նախկին բանտարկեալներու հոգեւոր խնամք մատակարարող Րաֆֆի սրկ. Կարապետեան: Առաջնորդին կողքին էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան անդամներէն Թորգոմ Ծ. վրդ. Տօնոյեան, Վաչէ վրդ. Պալըքճեան, Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեան, Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան եւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան:

20 երիտասարդներու հետ սրբազանին հանդիպումը սկսաւ մտերմիկ զրոյցով մը՝ Ազգ. առաջնորդարանի մուտքին: Փոխադարձ ծանօթացումէ ետք, հիւրերը անձնական վկայութիւններ տուին իրենց կեանքի փորձառութիւններէն: Ապա, բոլորը անցան «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատուռ, ուր առաջնորդին գլխաւորութեամբ կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն:

Սրբազանը պատգամ մը ուղղեց հիւր երիտասարդներուն՝ նշելով, որ Ազգ. առաջնորդարանը Ազգին Տունն է. «Իբրեւ եղբայրներ կը գտնուինք հարազատ յարկի տակ՝ իբրեւ զաւակները Հայր Աստուծոյ» ըսաւ ան, եւ յիշեցուց, որ կ՛ապրինք Մեծ Պահքի բազմախորհուրդ ժամանակաշրջանը. շրջան մը, որ քրիստոնեային կը թելադրէ հոգեկան վերանորոգութիւն եւ պատրաստութիւն՝ քրիստոնէական հաւատքի հիմնաքար Քրիստոսի Ս. Յարութեան: Ան հիւրերը յորդորեց տոգորուիլ այս խորհուրդներով ու վարել աստուածահաճոյ կեանք մը:

Նախկին բանտարկեալները ապրեցան յուզումի պահ մը. անոնցմէ մէկը ըսաւ, որ ինք նախապէս Անառակ Որդի էր, սակայն հիմա դարձած է Բարի Սամարացի:

Առաջնորդը խաչեր եւ աղօթագիրքեր նուիրեց հիւրերուն, որոնք իրենց կարգին յուշանուէր մը բերած էին առաջնորդ սրբազանին: Յուշանուէրը երիտասարդներուն կողմէ պատրաստուած ձեռակերտ գծագրութիւն մըն էր, որ կը մէկտեղէր Պիքֆայայի եւ Ծիծեռնակաբերդի յուշակոթողները ու կը կրէր բոլորին ստորագրութիւնը:

Յայտնենք, որ առաջնորդին տնօրինութեամբ եւ բանտային իշխանութեանց արտօնութեամբ, Րաֆֆի սարկաւագ եւ թեմի հոգեւորականաց դասու անդամներ կանոնաւոր այցելութիւններ կու տան Լոս Անճելըսի շրջանի բանտերը եւ հոգեկան սնունդ կը մատակարարեն հայ բանտարկեալներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.