2017-03-27 10:53:00

Կարդինալ Զենարի ''Ով որ չի հաւատար դժոխքին թող Սուրիա գայ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Դամասկոսի մօտ Սուրբ Աթոռի առաքելական դեսպան՝ Կարդինալ  Մարիօ Զենարի,   որ որպէս կարդինալ տիտղոսաւոր ժողովրդապետ է Հռոմի ՝՝Սանթա Մարիա Տելլեէ Կրացիէ՝՝ եկեղեցւոյ,  կիրակի, 26 յունուար 2017-ին,  սոյն եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց  տիտղոսաւոր կարդինալի Սուրբ Պատարագի անդրանիկ  զոհը` զոր նուիրեց Սուրիոյ  տառապող ժողովուրդի դիտաւորութեան ։

Այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ Կարդինալ Զենարի , յորդորեց հաւատացեալները,  հեզութեամբ ապրիլ ,  լոյսի զաւակներ դառնալ, հակազդելու համար անտարբերութեան հոգիին եւ անոր երեւոյթներուն, սեւեռելով  միշտ  սիրտն ու աչքերը   Քրիսոտին, արժեւորելու  համար կեանքին պարգեւը, ու կարող դառնալու անդրադառնալ  ուրիշներուն մեզի ցուցաբերած սիրոյն։  

Կարդինալ Մարիօ Զենարի  խօսքը կեդրոնացնելով Սուրիոյ ներկայ կացութեան վրայ որ  վեց տարիներէ ի վեր թիրախ է անօրէն հակամարտութիւններուն ընդծեց թէ անոնք պատճառած են՝՝Չորս հարիւր հազար մեռեալներ, երկու միլիոն վիրաւորներ, մօտաւորապէս հինգ միլիոն գաղթականներ որոնք ապաստան գտան Սուրիոյ հարեւան երկիրներուն մէջ ապա Հազարաւոր մանուկներ ռմբակոծումներու պատճառաւ կորսնցուցին իրենց կեանքը ըսաւ Կարդինալ Զենարի պատահածը  որակելով  ՝՝անմեղներու իսկական ջարդ''

 

Սուրբ Պատարագի զոհի վերջաւորութեան, Կարդինալ Զենարի ,  լրագրողներու  հետ ունեցած  հարցազրոյցի ընթացքին   յայտնեց, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ յարատեւ  կը հետեւի Սուրիոյ  մէջ պատահած դէպքերուն ու թէ  Ան շատ կը  փափաքի  Սուրիա այցելել  սակայն  այս մէկը առ այժմ կրնայ վտանգաւոր ըլլայ թէ  Սրբազան Հօր ու թէ Սուրիոյ ժողովուրդին համար որովհետեւ յարեց կարդինալ Զենարի, Սուրիոյ մէջ տակաւին ապահով կացութիւն չկայ եւ Ֆրանչիսկսո Պապ   Սուրիա գալով ,  փակուած  պիտի չմնայ  Դամասկոսի առաքելական դեսպանատան մէջ այլ պիտի ուզենայ  այցելել  ժողովուրդն ու ամբոխը։

Սուրիոյ ներկայ կացութեան առնչութեամբ կարդինալ Զենարի ակնարկեց վերջերս Դամասկոսի մէջ պատահած դէպքերուն, ահաբեկչական անձնասպանական արարքներուն որոնք պատճառ դարձան դարձեալ անմեղ մանուկներուն եւ քաղաքացիներուն սպանութեան։

Հարցազրոյցի աւարտին Կարինալ Զենարի կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին կրկնապատկելու  իրենց ջանքերը իրականացնելու համար երկիրին մէջ խաղաղութեան հաստատումը, օգնութեան հասնելու ժողովուրդին։ Վատիկանի դիւանագէտը հուսկ  հրաւիրեց հանրային կարծիքը այդ առնչութեամբ ճնշում բանեցնելու` պետութիւններուն վրայ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.