2017-03-27 09:32:00

Աստուած մարդու չար մտադրութիւնը բարիի կը փոխէ


Իսլամական Պետութիւնը (ԻՊ) վերջերս քանդեց դամբարանը Հին Կտակարանի մարգարէներէն Յովնանի, որ իսլամներու կողմէ կը կոչուի Եունուս։ ԻՊ զինեալները կը հաւատան որ գերեզմաններու եւ աճիւններու նկատմամբ պատկառանք ունենալը իսլամական ուսուցումներու հակառակ է։ Սակայն հրաշքով Աստուած անոնց չար մտադրութիւնը լուսաւոր յայտնագործութեան վերածեց։

Մզկիթը կառուցուած էր Լենկթիմուրի օրով 14-րդ դարու վերջաւորութեան, Jonah մարգարէի աճիւնները պարփակող եկեղեցւոյ աւերակներու վրայ։ Կը կարծուի որ եկեղեցին կառուցուած էր Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորի կառուցած պալատի աւերակներուն վրայ, Ք. Ա. 7-րդ դարուն։ Քանդելով իսլամական մզկիթը, անոնք անգիտակցաբար երեւան բերին սուրբգրական գանձ մը՝ Աստուածաշունչին մէջ յիշուած թագաւորի մը պատմական փաստը։ Երբ իրաքեան բանակը վերջերս ազատագրեց Մուսուլի կարգ մը շրջանները, Իրաքի հնագէտները ծանուցեցին իրենց յայտնաբերումը սուրբգրական Սենեքերիմ թագաւորի պալատին։ Ի յայտ եկաւ որ այնտեղ կը գտնուէր Յովնան մարգարէի գերեզմանը, որ ԻՊ զինեալները չէին յայտնաբերած եւ չէին քանդած, երբ Նինուէն գրաւած էին 2014-ի Յուլիսին։








All the contents on this site are copyrighted ©.