2017-03-27 08:21:00

Ասիոյ Երիտասարդութեան Միջազգային Օրուան նախապատրաստական հաւաք


(Ռատիօ Վատիկան) Եպիսկոպոսներ եւ պատասխանատու անձեր աշխուժ կերպով կը պատրաստուին «Ասիոյ Երիտասարդութեան Միջազգային Է Օրուան», որ պիտի կատարուի տարւոյս յուլիս 30էն մինչեւ օգոստոսի 6ը, Ճաւայի Եոկաքարթա քաղաքին մէջ։

Մարտ ամսոյն 20-24, 16 երկիրներու ներկայացուցիչներ հաւաքուեցան «Ճաւայի Բեթղեհէմ» հովուական կենդրոնին մէջ, որ կը գտնուի Մունթիլան կղզիի կենդրոնը, մասնակցելու համար նախապատրաստական աշխատանքներու հինգերորդ հանդիպումին, ուր պատրաստուած է «Թեմերու Օրուան» ծրագիրը։

Յիշեալ հանդիպումը փորձ մը եղած է Ասիոյ Երիտասարդութեան Օրուան կատարումին, որուն մասնակցած են նաեւ Ասիոյ եպիսկոպոսական ժողովներու դաշնութեան անդամները, որոնք ժամանած էին ցամաքամասի զանազան երկիրներէն։

Պրունէի Առաքելական Փոխանորդը՝ Գերապայծառ Քորնելիուս Սիմ ըսած է, թէ «Մունթիլանի այս հանդիպումէն ետք, Պրունէի կաթողիկէ երիտասարդները հոգեպէս աւելի պիտի խանդավառուին, մասնակցելու միջազգային հաւաքին»։

«Ինտոնեզիոյ երիտասարդները եւ կամաւորները խանդավառ են, եւ մենք ուրախ ենք որ մաս կը կազմենք յառաջիկայ Երիտասարդութեան Միջազգային օրուան»։

Գերապայծառ Ճոէլ Պայլոն, Ֆիլիփփինեան Լեկազբիի եպիսկոպոսը նկատած է, թէ այն երիտասարդները որոնք պիտի մասնակցին Միջազգային Օրուան «հոգեպէս եւ բարոյապէս խանդավառուած են հասկնալու իրենց երկիրներու եւ Եկեղեցիներու իսկական պայմանները։ Մենք կը քաջալերենք զանոնք խոկալու իրենց իսկական գոյութեան վրայ՝ այլ անհատներու, եւ տարբեր մշակոյթներու, լեզուներու, աւանդութիւններու եւ արժէքներու հետ միասին։»








All the contents on this site are copyrighted ©.