2017-03-25 18:50:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Միլան հովուական այցը աւարտեց Երիտասարդներուն հետ ունեցած հանդիպումով։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 25 Մարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ Միլան կատարած միօրեայ հովուական այցելութիւնը աւարտեց Միլանի Սան Սիրօ մարզադաշտին մէջ դրոշմի խորհուրդը ստացող եւ խորհուրդին պատրաստուող 80 հազարէ աւելի երիտասարդներուն հետ ունեցած հանդիպումով, որուն առթիւ տեղի ունեցաւ դրամահաւաք օժանդակելու համար երկրաշարժի թիրախ դարձած Ամաթրիչէի մէջ կառուցուելիք ''ապագայի տուներ'' ծրագրին։

Նորին Սրբութիւնը, ընկերակցութեամբ Միլանի Թեմին առաջնորդ Կարդինալ Սքոլային, Սան Սիրօ մարզադաշտ ժամանեց 17,30-ին ու դաշտին շրջանը կատարելէ ու բազմութիւնը ողջունելէ ետք բարձրացաւ բեմ ուր տեղի ունեցաւ օրուան աւետարանական հատուածին ընթերցումը` քաղուած Ղուկասի աւետարանէն ու հայող օրուան ըստ լատինաց աւետման տօնին։

Աւետարանի ընթերցումէն ետք Սրբազան Քահանայապետը պատասխանեց իրեն ուղղուած երեք հարցումներուն` պատանիի մը, ծնողքի եւ կրօնուսոյցի մը կողմէ։

Պատանին Նորին Սրբութեան հարց տուաւ թէ  ինչն է որ Անոր մանկութեան շրջանին սատարեց Յիսուսի հետ բարեկամութիւնը մշակելու։ Սրբազան Հայրը այս առընչութեամբ թուեց երեք բան` մեծ հայրն ու մեծ մայրը, խաղալ բարեկամներուն հետ, ապա ժողովրդապետութիւնը։

Անդրադառնալով ապա ծնողներու ուղղած հարցին, որուն բովանդակութիւնն էր հաւատքի փոխանցումը զաւակներուն Սրբազան Քահանայապետը նկատեց, թէ այս հարցը կը հայի բոլորին՝ ծնողքի, դաստիարակներու եւ հոգեւոր հովիւներու։

Զաւակները իրենց ակնարկը ուղղած են մեզի, կը նկատեն մեր բոլոր հոգեվիճակները։ Անոնք այս բոլորը կ՛ըմբոշխնեն եւ կը քաղեն իրենց եզրակացութիւնները։ Հետեւաբար պէտք է ծնողքը ցոյց տայ զաւակներուն, թէ ո՞րն է հաւատքի ներգործութիւնը մեր կեանքէն ներս։ Ծնողքը պէտք է իր կենցաղով վկայութիւն տայ, օրինակ միասնաբար մասնակցելով Սուրբ Պատարագին, ապա միասնական զբօսնումով, ժամանակ անցընելով նաեւ այլ ընտանիքներու հետ։

Հաւատքը կ’ապրուի ընտանեկան միջավայրէն ներս -ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ընդգծելով  թէ ընտանիքի շրջանակին մէջ, զաւակները կ’աճին նաեւ զօրակցութեան հոգիի մէջ։

Ապա, Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով կրօնուսոյց դաստիարակի հարցումին, նկատեց, թէ դաստիարակութիւնը կը հիմնուի մտածել-գործել-զգալ (գլուխ-ձեռքեր-սիրտ) եռեակին վրայ։ Դաստիարակը պէտք է նկատի առնէ այս ամբողջութիւնը։ Իւրաքանչիւր դաստիարակ պէտք է նկատի ունենայ, թէ բոլոր գիտութիւնները կարեւոր են, տալու համար լաւ զարգացում։

Ապա նաեւ, լաւ դաստիարակ մը կարող է խրախուսել երեխաները, քաջալերելով իւրաքանչիւրի ձիրքերն ու կարողութիւնները։ Կարեւոր է նաեւ, որ դաստիարակութիւնը կատարուի բազմակողմանի տեսակէտերով, եւ ոչ նեղ կերպով։ Պէտք է սակայն զգոյշ ըլլալ, որ երեխաները չծանրաբեռնուին. անոնք կարիքն ունին նաեւ հարկաւոր հանգիստին եւ զբօսանքին նկատել տուաւ Սրբազան Հայրը յատուկէն մատնանշում կատարելով այժմէականութեան ու ինչպէս այսօրուան ճարտարարուեստը երեխաներուն ձեռքը կու տայ շատ մը գործիքներ ու կարելիութիւններ, սակայն երբեք չի կրնար ներշնչել հիացմունք, չի կրնար տալ կարեկցութեան հոգի։ Այս վերջինները կարելի սորվիլ միայն մարդոց միջոցաւ հաստատեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.