2017-03-25 11:32:00

Ֆրանչիսկոս Պապ կէսօրուան ճաշը բաժնեկցեցաւ Միլանի Սան Վիթթորէի բանտարկեալներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Միլանօ կատարած հովուական այցելութեան ծիրէն ներս, Միլանոյի Տուոմոյին մէջ հանդիպելէ ետք Միլանի Թեմին կղերական դասին հետ, աթոռանիստ Եկեղեցւոյ հրապարակին վրայ աղօթեց Մարեմեան Աղօթքը ապա ուղղուեցաւ Միլանի Սան Վիթթորէ անուան բանտը ուր դիմաւորուեցաւ կալանաւորման տան տնօրէն` Տիկին Կլորիա Մանծելլիի կողմէ ապա հանդիպում ունեցաւ բանտին մէջ կալանաւորուած Մայրերու ո անոնց զաւակներուն հետ, ապա հանդիպեցաւ բանտապահներուն ու բանտի աշխատաւորներուն հետ ինչպէս նաեւ բանտի դարմանատան մէջ խնամուած հիւանդներուն հետ ու միւս բանտարկեալներուն հետ։ 

Սան Վիթթորէ բանտին մէջ Նորին Սրբութիւնը ապա կէսօրուայ ճաշը բաժնեկցեցաւ 100 բանտարկեալներուն հետ զրուցելով իր սեղանակիցներուն հետ։

Ճաշէն ետք բանտարկեալները Սրբազան Քահանայապետին նուիրեցին մի քանի փոքրիկ նուէրներ ու գրութիւններ։

Նշենք թէ Սան Վիթթորէ բանտը հիմնուած է 7 Յուլիս 1879-ին։ Անոր մէջ կալանաւորուած են 860 այրեր եւ 90 կիներ որոնց 60 առ հարիւրը օտարներ են։








All the contents on this site are copyrighted ©.