2017-03-25 13:11:00

Կիրակի 26 Մարտ 2017 - Ե. Կիրակի Քառասնորդաց


Անիրաւ Դատաւորի Առակը  (Ղուկաս  ԺԸ. 1-14) - Խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի

 

 

Յիսուսի պատգամը մեզի կ'ուղղուի այսօր դարձեալ բացասական անձնաւորութեան մը պատկերին տակ: Անիրաւ եւ կաշառակեր դատաւոր մէն է, որ կը յետաձգէ աղքատ այրիի մը դատը, յուսալով ճոխ նուէր մը ստանալ անկէ: Իսկ խեղճ այրին, իր դատին եւ իրաւունքին տէր կը կանգնի իր ունեցած զէնքերովը, այսինքն արցունքով ու պաղատանքներով:

Կարելի չէ անշուշտ նմանեցնել Աստուած անիրաւ դատաւորին, սակայն մեր առօրեայ կեանքին մէջ, յաճախ այն զգացումը կ'ունենանք թէ Աստուած մտիկ չ'ըներ մեզի եւ կ՛անտեսէ մեր խնդրանքները: Սակայն մեզի կ'իյնայ, նման այս այրի կնոջ, աղաչել ու պաղատիլ երկնաւոր Հօրը, առանց յոգնելու եւ առանց ձանձրանալու, որպէսզի ի վերջոյ արժանի ըլլանք ընդունելու մեր խնդրանքները։ Աղօթքի այս ձեւը նորութիւն մըն է Քրիստոսի բերնին մէջ, որովհետեւ նախապէս ըսած էր թէ պէտք չկայ Տէրը ձանձրացնելու մեր անդադար աղօթքներովը, որովհետեւ ան արդէն գիտէ թէ ինչ բանի պէտք ունինք եւ առատօրէն կու տայ մեզի մեր խնդրելէն իսկ առաջ։

Աղաչանք ու պաղատանք յատուկ են Քառասնորդաց շրջանի մեր աղօթքներուն. Չէ՞ որ մենք կը գտնուինք, նման դրախտէն արտաքսուած Ադամին ու Եւային, Աստուծոյ տեսութենէն ու խորանի շնորհքէն դուրս, որպէսզի լացով ու ապաշխարանքով քաւենք մեր մեղքերը եւ արժանի ըլլանք աստուածային ողորմութեան։ Մեր խոնարհ կեցուածքը Աստուծոյ առջեւ, մեր յարատեւութիւնը աղօթքի մէջ, մեր յոյսը թէ ան պիտի չլքէ մեզ ու կատարէ մեր խնդրանքները, մեզ կ՛ապահովեն Աստուծոյ ողորմութեան նկատմամբ։

Եթէ դատաւորը որ անիրաւ մարդ մըն էր, կաշառակեր ու անողորմ, ի վերջոյ նահանջեց աղքատ այրիի մը թախանձանքներուն դիմաց եւ հաճեցաւ արդարութիւն ընել ու տալ իրաւունքը անոր, Աստուած, որ արդար է, գթած ու ողորմած, պիտի պարգեւէ մեզի այն շնորհքները զորս թախանձագին կը խնդրենք իրմէ։

Աղօթքը մեր հոգեւոր զէնքն է որով կրնանք ամէն ինչ ստանալ Աստուծմէ։ Անով նաեւ կը դիմադրենք չարին փորձութիւններուն եւ կը զօրանանք բարեգործութեան մէջ. Անով կ՛աւելցնենք ամէն օր մեր հաւատքը եւ յոյսը աստուածային կեանքի ու անոր ընծայած բարիքներուն հանդէպ։ Անով կը դառնանք առաքինի քրիստոնեաներ, օրինակելի եւ կարող օգնութեան փութալու բոլոր տկարներուն ու անկեալներուն։

Աշխարհը միշտ պատրաստ է մեզ հրապուրելու եւ նորանոր միջոցներով կը ջանայ մեզ ձգել չարի ու մեղքի ծուղակին մէջ։ Մենք ալ` ինչպէս արդի զինուորը որ չի գոհանար հին զէնքերով, այլ միշտ նոր ու գերարդիական զէնքերու կը դիմէ իր երկրին պաշտպանութեան համար, հարկ է որ նորոգենք մեր զէնքերը, այսինքն նորանոր եւ աւելի ուժեղ աղօթքներ գտնենք, կամ ստեղծենք, որպէսզի պայքարինք չարին բոլոր սադրանքներուն դէմ, մանաւանդ արդի աշխարհին մատուցած բոլոր խոչընդոտներուն դիմաց։ Որքան արդիականացնենք մեր զէնքերը, այնքան յաջողապէս կը յաղթանակենք չարին եւ կը խուսափինք անոր որոգայթներէն։

Սիրելի հաւատացեալ, Յիսուս քեզմէ կը խնդրէ այսօր որ ուշադրութիւն դարձնես քու հոգւոյդ եւ ջանաս գոհացում տալ անոր պահանջքներուն, աղօթելով Տիրոջ եւ աղաղակդ բարձրացնելով առ Աստուած որ քեզ լիացնէ իր առատ շնորհքներով. Ամէն։

Յովսէփ Վրդ. Քէլէկեան

 








All the contents on this site are copyrighted ©.