2017-03-24 09:30:00

ՏԱՀԵՇ կը ստանձնէ Լոնտոնի մէջ յարձակումին պատասխանատուութիւնը


ՏԱՀԵՇ ստանձնեց Լոնտոնի մէջ չորեքշաբթի օր արձանագրուած յարձակումին պատասխանատուութիւնը:

Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ յայտնեց, որ յարձակումին հեղինակը Բրիտանիոյ քաղաքացի է` աւելցնելով. «Չենք վախնար, եւ ահաբեկչութեան դիմակայման մեր վճռակամութիւնը պիտի չտկարանայ»: Ան նաեւ այլ յարձակումներ չբացառեց` աւելցնելով, որ յարձակումին հեղինակը ազդուած է ՏԱՀԵՇ-ի գաղափարախօսութենէն: Բրիտանիոյ ոստիկանութիւնը երէկ հաղորդեց, որ խնդրոյ առարկայ անձին անունը Խալիտ Մասուտ է:

Բրիտանիոյ ոստիկանութիւնը իր կարգին յայտարարեց, որ բրիտանական խորհրդարանին մօտ կատարուած յարձակումին հարցով ձերբակալած է 7 կասկածեալներ:

Յարձակումին պատճառով արձանագրուած է 5 զոհ եւ աւելի քան 20 վիրաւոր: Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ յայտարարեց, որ զոհերուն շարքին է ամերիկացի մը:








All the contents on this site are copyrighted ©.