2017-03-24 08:04:00

Միլանի Եկեղեցիներու բոլոր զանգակները պիտի ղօղանջեն Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունելու համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 25 մարտ 2017-ի առաւօտեան 8-ին, Ֆրանչիսկոս Պապին Միլանօ ժամանելուն, թեմական 1107 ժողովրդապետութիւններու եկեղեցիներու բոլոր զանգակները համաշունչ պիտի ղօղանջեն դիմաւորելու համար Սուրբ Պետրոսի յաջորդը։ Լուրը կը հաղորդէ Ամպրոզեան թեմին լրատուական բաժնի գրասենեակը յայտնելով թէ այս յատուկ ընդունելութեան ձեռնարկումը կը պարտին Միլանօ Թեմին առաջնորդ` Կարդինալ Անճելօ Սքոլայինն։

Նորին Սրբութիւնը Միլանօ կը ժամանէ 25 Մարտի առաւօտեան ութին ու անմիջապէս կ՛ուղղուի Ֆորլանինի թաղամաս ուր հանդիպում կ՛ունենայ այդտեղ ապրող թշուառ ընտանիքներուն հետ հուսկ Միլանի հռչակաւոր Տուոմոյի մէջ հանդիպում կ՛ունենայ Ամպրոզեան թեմին կղերական դասին հետ որուն աւարտին կ՛արտասանէ Մարեմեան աղօթքը ապա կ՛ուղղուի Միլանի Սան Վիթթորէ անուան բանտը ուր կէսօրուան ճաշը կը բաժնեկցի բանտարկեալներուն հետ։

Բանտին տուած այցելութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ կը մեկնի դէպի Մոնծա ուր բացօթեայ սուրբ պատարագ կը մատուցէ Մոնծայի այգիի տարածքին, որուն աւարտին կը տեղափոխուի ՍանՍիրօ-Մէացցա` Միլանի մարզադաշտ ուր նախատեսուած է երիտասարդներուն հետ հանդիպում որ կ՛եզրափակուի 18.30-ին եւ որմէ ետք Սրբազան Քահանայապետը վերադարձ կը կատարէ Վատիկան աւարտելով Միլան կատարած միօրեայ հովուական այցելութիւնը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.