2017-03-23 12:42:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Քամերունի նախագահը. Մամլոյ հաղորդագրութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 23 մարտ 2017-ին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշեց թէ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ, առաքելական պալատին մէջ, ընդունեց Քամերունի Հանրապետութեան նախագահ` մեծարգոյ Տիար Փիլ Պիյանը որ ապա հանդիպում ունեցաւ Պետական Քարտուղար կարդինալ Փարոլինին հետ որուն կ՛ընկերանար պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը Գերապայծառ Փոլ Կալլակէր։

Սիրալիր հանդիպումներու ընթացքին ընդգծուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Քամերունի միջեւ տիրող բարի յարաբերութիւնները ու կարեւոր սատարը` որ Եկեղեցին կ՛ընծայէ երկրի զարգացումին,  յատկապէս դաստիարակչական ու առողջապահական ասպարէզներէն ներս։

Ի միտ ունենալով կրօնական զանազան խումբերու միջեւ խաղաղ համակեցութիւնն ու փոխադարձ յարգանքը, շեշտը դրուեցաւ ազգային միասնութիւնը երաշխաւորելու կարեւորութեան վրայ, արժեւորելով երկրին զանազան աւանդութիւններու պատմական ու մշակութային հարստութիւնները, մարդու իրաւունքի ու փոքրամասնութիւններու յարգանքով։

Ի վերջոյ անդրադարձ կատարուեցաւ միջազգային նիւթերու հայող հարցերու շուրջ յատուկէն ընդգծելով տարածաշրջանը հետաքրքրող ներկայ մարտահրաւէրները։

Յայտնենք թէ Նորին Սրբութիւնը Քամերունի նախագահին շնորհած ունկնդրութեան աւարտին իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց Կարդինալ Ռոպերթ Սարան` Աստուածային պաշտամունքի Ժողովի կառավարիչ, Կարդինալ Անճելօ Ամաթոն, Սուրբերու Դատի ժողովի կառավարիչ եւ Կարդինալ Ժան Լուի Թոռանը` Միջ կրօնական երկխօսութեան Քահանայապետական խորհուրդին նախագահ։








All the contents on this site are copyrighted ©.