2017-03-23 13:01:00

Լոնտոնի մէջ ահաբեկչական արարքի զոհերուն համար Կարդինալ Փարոլինի ցաւակցական գիրը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 23 Մարտ 2017-ին Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղար կարդինալ Փարոլին, ցաւակցական գիր մը յղած է Ուեսմինսթերի Արքեպիսկոպոս եւ Անգլիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ` Կարդինալ Վինսէն Նիքոլսին  որուն մէջ արտայայտած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ցաւն ու կսկիծը ի տես մարդկային կորուստներուն ու վնասներուն որոնք յառաջացած են Լոնտոնի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքի բերումով։

Նորին Սրբութիւնը իր աղօթարար զօրակցութիւնը յայտնած է այդ ողբերգութեան բոլոր զոհերուն, Ամենակարող Աստուծոյ ողորմութեան յանձնելով մեռեալները ու Աստուածային մխիթարութիւնն ու ուժը հայցելով անոնց ընտանիքներուն վրայ, ապա  բոլոր երկրին ապահովեցուցած է իր աղօթքները։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.