2017-03-23 08:19:00

Լոնտոնի մէջ ահաբեկչական արարք մը չորս զոհ կը խլէ


Երէկ Բրիտանական խորհրդարանին դէմ տեղի ունեցաւ զինեալ յարձակում մը, որուն պատճառով արձանագրուեցան չորս զոհեր, ինչպէս նաեւ ոստիկան մը եւ քսան ուրիշներ վիրաւորուեցան: Ոստիկանութիւնը սպաննեց յարձակում գործողը, որ, ըստ Բրիտանիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի պատասխանատուին, առանձին կը գործէր:

Յարձակումին հեղինակը Ուեսթմինիսթըր կամուրջին վրայ վրայերթի ենթարկեց անցորդներ ու ոստիկաններ: Բրիտանական ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ դէպքը պիտի նկատեն ահաբեկչական արարք մը, մինչեւ հակառակը փաստուի: Բրիտանական ապահովական աղբիւր մը իր կարգին նշեց, որ խորհրդարանին առջեւ տեղի ունեցած յարձակումին դրդապատճառը տակաւին կը մնայ անյայտ:

Ֆրանսական դիւանագիտական աղբիւրներ յայտնեցին, որ վիրաւորներուն շարքին են 15-16 տարեկանի միջեւ ֆրանսացի երեք ուսանողներ:

Յարձակումէն ետք Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ նախարարաց խորհուրդի արտակարգ ժողով մը գումարեց:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հեռաձայնային հաղորդագրութիւն մը ունեցաւ Բրիտանիոյ վարչապետին հետ եւ գովաբանեց բրիտանական կառավարութեան արագ հակազդեցութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.