2017-03-23 09:56:00

Էդուարդ Նալպանտեան մասնակցեցաւ Յիսուսի գերեզմանի վերանորոգման նուիրուած արարողութեան


Չորեքշաբթի, Մարտ 22-ին, Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Յիսուսի գերեզմանի վերանորոգման նուիրուած հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցեցաւ Հայաստանի պաշտօնական պատուիրակութիւնը՝ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի գլխաւորութեամբ: Արարողութեան ներկայ էին Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիպրաս, այլ երկիրներու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, քրիստոնէական եկեղեցիներու առաջնորդներ եւ բազմաթիւ հաւատացեալներ: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ ԱԳՆ մամուլի եւ տեղեկատւութեան վարչութիւնը։

Նոյն օրը առաւօտեան նախարար Նալպանտեան այցելեց Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարան, ուր հանդիպում ունեցաւ պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանի հետ:

Արարողութեան ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեան, Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ տիեզերական պատրիարք Պարթողիմէոս, Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ Երուսաղէմի պատրիարք Թեֆոյիլոս Գ., Կաթոլիկ եկեղեցւոյ փրանկիսկեան ուխտի Երուսաղէմի առաջնորդ Ֆրանչեսքօ Փաթօ: Այնտեղ ընթերցուեցաւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի ուղերձը:

Սուրբ գերեզմանը քրիստոնէական աշխարհի գլխաւոր սրբավայրերէն է, ուր խաչելութենէն ետք ամփոփուած է Յիսուս: Քրիստոսի գերեզմանի, Գողգոթայի խաչելութեան եւ շարք մը այլ սրբավայրերու վրայ Դ. դարուն Բիւզանդիոյ կայսր Կոստանդինոս Մեծը կառուցած է Սուրբ Յարութեան տաճարը: Նախորդ տարուան Մայիսին Գերեզմանի իրաւատէր երեք եկեղեցիներու՝ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի, Յունաց պատրիարքարանի եւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ համատեղ որոշումով ձեռնարկուեցան Գերեզմանի վերանորոգման եւ վերականգնողական աշխատանքները, որոնց մէջ ներգրաւուած են նաեւ հայ ճարտարապետներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.