2017-03-22 11:03:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչ-հրաւէրը մասնակցելու ՝՝24 ժամ Տիրոջ համար'' աղօթք ձեռնարկին


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 22 մարտ 2017-ին, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, զանազան լեզուներով ողջունելէ ետք հրապարակը  համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորները հրաւէր ուղղեց բոլոր հաւատացեալներուն իրենց մասնակցութիւնը բերելու, 23 եւ 24 մարտ 2017-ին կայանալիք ՝՝24 ժամ Տիրոջ համար՝՝ աղօթք ձեռնարկին, որ պիտի կատարուի բոլոր կաթողիկէ թեմերուն մէջ եւ ի մասնաւորի Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, ''վերագտնելու համար ապաշխարութեան խորհուրդի իմաստը''։ 

Յիշենք թէ ՝՝24 ժամ Տիրոջ համար՝՝ աղօթքի ձեռնարկի ծիրէն ներս տեղի կ՝ունենայ հոգեւոր յայտագիր՝ աղօթք, հոգեւոր երգեցողութիւն, որուն ընթացքին կը մատակարարուի նաեւ ապաշխարութեան սուրբ խորհուրդը։

Սրբազան Քահանայապետը ապա մաղթանք յայտնեց, որ այս տարի եւս  յիշեալ առանձնաշնորհեալ քառասնորդացի ուղեւորութեան շնորհքը ապրեցուի աշխարհի բազմաթիւ եկեղեցիներու մէջ՝ փորձարկելու համար ուրախալի հանդիպումը Հօր Աստուծոյ ողորմածութեան հետ, որ կ՛ընկալէ ու կը ներէ բոլորին, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ որ ապա հրաւիրեց նաեւ չի մոռնալ գաղթականներն ու ապաստանեալները որոնց ողբերգութիւնը ըսաւ Ան Բ համաշխարհային պատերազմէն ետք ամենածաւալուն ողբերգութիւնն է։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ յատուկէն ողջունեց երիտասարդները, հիւանդներն ու նորապսակները ըսելով. Յառաջիկայ շաբաթ օր կը նշուի Սուրբ Կոյս Մարիամի աւետման տօնը ՝՝Սիրելի երիտասարդներ, Մարիամի նման, գիտցէք Աստուծոյ կամքին անսալ։ Սիրելի հիւանդներ, կեանքի  դժուար պահերուն  մի յուսահատիք, գիտնալով որ Տէրը` ձեր ուժերէն աւելի բարձր խաչ մը չի տար, եւ դուք սիրելի նորապսակներ, ձեր ամուսնական կեանքը կառուցէք Աստուծոյ խօսքին հաստատ ճայրին վրայ։      








All the contents on this site are copyrighted ©.