2017-03-22 08:54:00

ԹՈՒՄՕ-ի հիմնադիրը միջհամալսարանական կեդրոնի ծրագիր կը ներկայացնէ ՀՀ Վարչապետին


ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութեանց կեդրոնի հիմնադիր Սեմ Սիմոնեան, ընկերակցութեամբ կեդրոնի տնօրէն Մարի Լու Փափազեանի, ՀՀ վարչապետին ներկայացուցած է Բարձրագոյն կրթութեան միջհամալսարանական կեդրոնի ստեղծման ծրագիր մը: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ կառավարութեան մամուլի վարչութիւնը։

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան կարեւոր նկատած է բարձրագոյն կրթութեան համակարգէն ներս բարեփոխումներու իրականացումը եւ ողջունած է Սիմոնեանի նախաձեռնութիւնը այդ ոլորտին մէջ: Վարչապետը ընդգծած է, որ կառավարութիւնը պատրաստ է աջակցելու ծրագիրի իրականացման, աւելցնելով, որ ծրագիրը պիտի նպաստէ ոչ միայն կրթութեան որակի բարձրացման, այլ նաեւ միջավայրի փոփոխութեան, երիտասարդ սերունդի զարգացման:

Սեմ Սիմոնեան շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետին օժանդակութիւն ցուցաբերելու պատրաստակամութեան համար եւ նշած, որ ծրագիրի իրականացման պիտի նպաստէ նաեւ Եւրոպական Միութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին մասնակիցները անդրադարձած են ԹՈՒՄՕ ստեղծարար կեդրոնի գործունէութեան, նոր նախաձեռնութիւններուն եւ ծրագիրներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.