2017-03-20 15:43:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Ռուանտայի հանրապետութեան նախագահին։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 20 մարտ 2017-ին, առաւօտեան, Վատիկանի Առաքելական պալատին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ ունկնդրութիւն շնորհեց Ռուանտայի հանրապետութեան նախագահ՝ Տիար Փոլ Քակամին։ Քահանայապետին հետ ունեցած ունկնդրութենէն ետք նախագահը հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ, որուն կ՛ընկերանար Սուրբ Աթոռի` պետութիւններուն հետ յարաբերութեան  բաժանմունքի քարտուղար՝ գերապայծառ Փոլ Կալլակերը։

Այս առնչութեամբ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց , թէ սիրալիր մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցող հանդիպումներու ընթացքին յիշուած են Սուրբ Աթոռի եւ Ռուանտայի միջեւ գոյացած բարի յարաբերութիւնները։ Բարձր արժեւորուած է Ռուանտայի վերականգնումին նշանակալից ուղեւորութիւնը՝ երկիրն ընկերային, քաղաքական ու տնտեսական կայունութեան ծիրէն ներս։

Ընդգծուած է պետութեան  եւ տեղական եկեղեցւոյ միջեւ  համագործակցութիւնը ի սպաս ազգային համերաշխութեան ու խաղաղութեան ամրապնդման,՝ ի շահ համայն ազգի բարօրութեան։ Այս շրջագիծէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ, Իր  եւ Սուրբ Աթոռի ու եկեղեցւոյ խորին ցաւը յայտնած է Թութսի ժողովուրդէն դէմ կատարուած ցեղասպանութեան համար ու իր զօրակցութիւնը յայտնած է զոհերուն նկատմամբ  եւ բոլոր անոնց, որոնք  տակաւին կը շարունակեն տառապիլ այդ ողբերգական եղելութիւններու հետեւանքներու պատճառաւ։   

Ֆրանչիսկոս Պապ, հետեւելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի՝ 2000 թուականին յոբելենական Սուրբ տարուան ընթացքին կատարած ժեսթին, վերանորոգեց Աստուծոյ ուղղուած ներումի աղերսը՝ եկեղեցւոյ ու անոր անդամներուն կատարած  մեղքերուն ու թերութիւններուն համար որոնց շարքին՝ քահանաներ, կրօնաւորներ, կրօնաւորուհիներ, որոնք թերացան ու ենթարկուեցան ատելութեան եւ բռնութեան դաւաճանելով  իրենց իւրայատուկ աւետարանական առաքելութիւնը։   

Քահանայապետը ապա մաղթանք յայտնեց  որ  եկեղեցւոյ դիմագիծը այլանդակող այդ ժամանակամիջոցին  կատարուած թերացումներուն սոյն խոնարհ ճանաչումը,  վերջերս նշուած ողորմածութեան Սուրբ Տարուան եւ Ռուանտայի եպիսկոպոսներու ողորմածութեան տարուան փակման առթիւ հրապարակած հաղորդագրութեան լոյսին ներքոյ, սատարէ ''բիւրեղացնելու յիշողութիւնը'' եւ յոյսով ու վերանորոգուած վստահութեամբ, օժանդակէ  զարգացնելու համար խաղաղ ապագայ մը, միաժամանակ վկայութիւն տալով թէ համակեցութիւնն ու միասնական աշխատանքը կարելի  է  երբ՝ որպէս կեդրոն կը դրուի մարդու անհատի արժանապատուութիւնն ու հասարակաց բարիքը։

Հհանդիպումի ընթացքին տեղի ունեցան ապա տեսութիւններու փոխանակում շրջանի քաղաքական եւ ընկերային կացութեան մասին, յատուկէն ուշադրութիւն դարձնելով որոշ շրջաններու որոնք թիրախ են շրջանի  հակամարտութիւններու ու բնական աղէտներուն եւ այս առընչութեամբ յատուկ մտահոգութիւն արտայայտուեցաւ գաղթականներու ու ապստանեալներու մեծ քանակի նկատմամբ, որոնք կարիքը  ունին խնամակալութեան  եւ միջազգային ընտանիքի եւ շրջանային հաստատութիւններու զօրակցութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.