2017-03-20 09:50:00

ՄաՖիայի դէմ յիշատակի ու յանձնառումի օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) 21 մարտ 2017-ին Իտալիոյ Լոքրի քաղաքին մէջ նշուելիք ՄաՖիայի դէմ յիշատակի ու յանձնառումի օրուան առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, պատգամ մը յղեց Մաֆիական քրէական ոճիրներու զոհ ընտանիքներուն, որոնք այս օրերուն համախմբուած են Լոքրի քաղաքին մէջ,  որուն մէջ քաջալերեց քրիստոնեայ ու քաղաքացիական հասարակութիւնները յանձնառումով գործելու ի սպաս աւելի արդար ընկերութեան մը, որ ըլլայ ազատ յանցագործութիւններու կաշկանդումներէն ու ապրի խաղաղ, եւ իրաւասու մարմինները միշտ պաշտպան հանդիսանան ազնիւ մարդոց ու հասարակաց բարիքին։ 

Նորին Սրբութեան պատգամը ընթերցեց Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի քարտուղարը` գերապայծառ Նունցիօ Կալանթինոն որ բոլոր ներկաներուն փոխանցեց նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին հոգեւոր մօտիկութեան զգացումները, ինչպէս նաեւ Անոր աղօթքները բոլոր այն անհատներուն որոնք կը պայքարին ընկերութեան այս ախտին դէմ ու կաշառակերութեան ոճիրին դէմ, ու կը գործեն ի սպաս յոյսի ապագայի մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.