2017-03-20 09:29:00

Էլ Սալվատորի եպիսկոպոսներու կանոնական հնգամեայ այցը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 20 Մարտ 2017-ին Էլ Սալվատորի կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամները ժամանեցին Հռոմ իրենց հնգամեայ կանոնական այցը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Էլ Սալվատորի Հանրապետութիւնը ունի 21.041 քմ քառակուսի տարածք ուր կ՛ապրին 6 միլիոն 460 հազարէ աւելի բնակիչներ։ 80-ական թուականներուն արիւնալի հակամարտութիւններու պատճառաւ երկիրը ապրեցաւ ցաւալի ու տագնապալի օրեր, որոնք բնակչութիւնը մղեցին դիմելու գաղթականութեան դէպի Միացեալ Նահանգներ ու սահմանակից այլ երկիրներ։

Բնակչութեան մեծամասնութիւնը  կաթողիկէ են` 79,8 առ հարիւրը, ապա աճումի մէջ են բողոքական եկեղեցիները ինչպէս նաեւ Մորմոններն ու Եհովայի Վկաները որոնք կը ներկայացնեն բնակչութեան մէկ հինգերորդը։

Էլ Սալվատոտի մէջ կաթողիկէ եկեղեցին ունի մէկ աւագ թեմ ապա 7 փոքր թեմեր ու Զինուորական Մատրանապետութիւն։ Էլ Սալվատորի Եպիսկոպոսներու դասի նախագահն է Գերապայծառ Խոսէ Լուիս Էսքոպար Ալասը։ Եպիսկոպոսական դասը ունի 14 եպիսկոպոսական յանձնախումբեր։ Էլ Սալվատորի ու Վատիկանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները սկիզբ առած են 1933-ին` Էլ Սալվատորի մէջ առաքելական նուիրակութեան մը ստեղծումով։

Քրիստոնէութիւնը Էլ Սալվատորի մէջ մուտք գործած է 16րդ դարուն, սպանացիներու արշաւէն ետք։ 1682-ին մի քանի վաճառականներ Սալվատորի Հարաւային Ծովուն մէջ կը յայտնաբերեն  լքուած սնտուկ մը, որուն մէջ կը գտնեն Յիսուս Մանուկը գրկին մէջ շալկած Տիրամօր արձանը։ Ժամանակներու հոլովոյթին այդ արձանը կ՛արժանանայ ժողովրդային ջերմեռանդութեան` Խաղաղութեան Տիրամայր անունին տակ, որուն ծիսական տօնը կը նշուի ամէն տարուայ 21 նոյեմբերին։

24 Մարտ 1980-ին Սան Սալվատորի Արքեպիսկոպոսը Օսքար Առնուլֆօ Ռոմերոն, որ այլ եկեղեցականներու շարքին`  չէր զլանար հրապարակաւ դատապարտելու երկրին մէջ իրագործուած անարդարութիւններն ու բռնութիւնները, դաժանաբար կը սպաննուի սուրբ պատարագի զոհի ընթացքին։ Մի քանի ամիսներ ետք այլ կղերականներ եւս կ՛ենթարկուին այլազան բռնութիւններու։

1983-ի Մարտ 6-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը առաքելական  առաջին այցը կը կատարէ Էլ Սալվատոր ու այդ հովուական այցելութեան առթիւ կ՛աղօթէ Գերապայծառ Օսքար Առնուլֆօ Ռոմերոյի դամբանին առջեւ։

16 Նոյեմբեր 1989-ին Յիսուսեան Միաբանութեան 6 անդամներ եւս կը սպաննուին, զինուորական ասպարէզի պատկան անհատներու կողմէ։

8 Փետրուար 1996-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը երկրորդ հովուական ճամբորդութիւն մը կը կատարէ Էլ Սալվատոր հուսկ 7 Մայիս 2000-ին երջանկայիշատակ Պապը Օսքար Ռոմերոն կը դասէ 20-րդ դարու նահատակներու շարքին։

2010-ին Էլ Սալվատորի եպիսկոպոսները Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետէն կը խնդրեն  արագացնել Ռոմերոյի երանացման դատի ընթացքը, ու 23 Մայիս 2015-ին Օսքար Առնուլֆօ Ռոմերոն կը դասուի եկեղեցւոյ երանելիներու շարքին։

15 օգոստոս 2016-էն -  15 օգոստոս 2017 Էլ Սալվատորի մէջ կը նշուի Երանելի Օսքար Ռոմերոյի յոբելենական տարին`անոր ծննդեան հարիւրերորդ ամեակին առթիւ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.