2017-03-20 10:13:00

Դրամահաւաք Սուրբ Երկրի համար. օգնել քրիստոնեաներուն, որ չարտագաղթեն։


(Ռատիօ Վատիկան) Տարւոյս ապրիլի 14ին, Աւագ Ուրբաթ օր, բոլոր եկեղեցիներուն մէջ պիտի կատարուի դրամահաւաք՝ Սուրբ Երկրին համար։ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի նախագահ՝ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի նամակով մը կը դիմէ ամբողջ աշխարհի հովիւներուն, եւ կը փոխանցէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի երախտագիտութիւնը։

Ծիրանաւորը կը գրէ թէ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները պէտք է զգան ամբողջ Եկեղեցւոյ աջակցութիւնը եւ մօտիկութիւնը։ Ան կը նկատէ, թէ այսօր դիւրին չէ քրիստոնէական հաւատքը ապրիլ Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Իրաքի, Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ, ուր Ֆրանչիսկոս Պապի բացատրութեամբ “հաւատացեալներ կ’ապրին արեան համամիութենականութիւնը”։ Այդ հաւատացեալները յարատեւ փորձութեան մէջ են՝ լքելու իրենց երկիրը, եւ նոյնիսկ իրենց հաւատքը։ Եւ ընդհանրապէս տարածաշրջանէն ներս, կը յիշէ Կարդինալ Սանտրի, քրիստոնեաներ ենթակայ են ճնշումի եւ խտրականութեան, եւ հետեւաբար՝ հեռանալու փորձութեան։

Սուրբ Երկրի եկեղեցիները եւ սրբավայրերը կարիքն ունին ոչ միայն նորոգութիւններու, այլ եւ մնայուն խնամքի, որովհետեւ անոնք համաքրիստոնէական ժառանգութեան մաս կը կազմեն։ Չի բաւեր քրիստոնեաներու ներկայութիւնը Սուրբ Երկրին մէջ, այլ պէտք է խնամել նաեւ սրբավայրերը։ Բազմաթիւ քրիստոնեաներու նպաստներով վերջին տարիներուն նորոգուած են Բեթղեհէմի Տաճարը եւ Սուրբ Գերեզմանի Մատուռը։ Այս նորոգութիւնները կատարուած են մէկ միլիոն տոլարի նպաստով։

Կարդինալ Սանտրի երախտագիտութեամբ կը յիշէ զանազան հաստատութիւններու, լատին եւ արեւելեան եկեղեցիներու տարած աշխատանքը։ Յատուկ կերպով կ՛անդրադառնայ քրիստոնէական դպրոցներու առաքելութեան, որոնք հանդիպման վայրեր են քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու միջեւ։ Սուրբ Երկրին մէջ քրիստոնեաներու առաքելութեան մաս կը կազմեն հիւանդանոցներ, բուժարաններ եւ հիւրանոցներ։

Ծիրանաւորը իր նամակին մէջ կը յորդորէ որ աշխուժացուին ուխտագնացութիւնները, որոնք Սուրբ Երկրի քրիստոնեաներուն համար էական եկամուտ կ՛ապահովեն։ Երուսաղէմի եւ Բեթղեհէմի համայնքին առնուազն 30 տոկոսը կ՛ապրի շնորհիւ ուխտաւորներու ներկայութեան։ Սրբավայրերու այցելութիւնը ոչ միայն հաւատքի վերածնունդ եւ արմատներու վերագտնում է, այլ նաեւ նոր աւետարանումի միջոց մը։

Եզրափակելով նամակը, Կարդինալ Սանտրի կը մաղթէ նորոգել մեր յանձնառութիւնը՝ “ըլլալու խաղաղութեան արհեստաւորներ”, աղօթելու եւ աշխատելու՝ որպէսզի խաղաղութիւնը “բնակի” իւրաքանչիւր անհատի սրտին մէջ, եւ յատկապէս Սուրբ Երկրի եւ Միջին Արեւելքի մեր եղբայրներու եւ քոյրերու սրտերուն մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.