2017-03-20 11:25:00

Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը հանդիպում ունեցած է Ֆինլանտայի Հայ համայնքին հետ


Մարտ 19-ին, Ֆինլանտա կատարած միջեկեղեցական այցին ծիրէն ներս, Հելսինկիի Լուտերական-աւետարանական Մայր Տաճարի սրահին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հանդիպում ունեցած է Ֆինլանտայի հայ համայնքին հետ: Այս մասին կը յայտնեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգէն:

«Հանդիպման ներկայ էին Նորին Սրբութեան ուղեկցող պատուիրակութեան անդամներ՝ Մայր Աթոռի աստուածաբանական ուսումնական բարձրագոյն հաստատութիւնների վերատեսուչ Գերաշնորհ Տ. Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեանը, Մայր Աթոռի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժինի պատասխանատու Հոգեշնորհ Տ. Շահէ ծայրագոյն վարդապետ Անանեանը, Կեդրոնական Եւրոպայի եւ Սքանտինաւիոյ երկիրներու Հայրապետական պատուիրակ Հոգեշնորհ Տ. Տիրան վարդապետ Պետրոսեանը, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Հոգեշնորհ Տ. Գարեգին վարդապետ Համբարձումեանը եւ Նորին Սրբութեան գաւազանակիր Հոգեշնորհ Տ. Աղան աբեղայ Երնջակեանը, ինչպէս նաեւ Շուէտի ու Ֆինլանտայի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիար Արտակ Ապիտօնեանը:

Կեդրոնական Եւրոպայի եւ Սքանտինաւիոյ երկիրներու Հայրապետական պատուիրակը, յանուն Ֆինլանտայի հայ համայնքի, իր որդիական շնորհակալութեան ու բարիգալստեան խօսքը ուղղեց Վեհափառ Հայրապետին` ընդգծելով այն դրական տեղաշարժերն ու զարգացումները, որ տեղի ունեցած էին Ֆինլանտայի հայորդեաց կեանքին մէջ վերջին քանի մը տարիներուն:

Այնուհետեւ հայ համայնքին հետ հանդիպման համար իր ուրախութիւնը յայտնեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը` յատկապէս կարեւոր համարելով համայնքի կազմակերպուածութեան ու համախմբման ոգին: Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս ըսաւ. «Գոհունակութիւն է Հայրապետիս համար` տեսնել, որ այսօր արդէն ձեր կողքին են ոչ միայն եկեղեցականներն ու ձեր հովիւները, այլեւ հայրենի իշխանութեանց ներկայացուցիչները` ի դէմս մեծարգոյ դեսպան տիար Արտակ Ապիտօնեանի: …Մեր մաղթանքն է, որ դուք մօտ ապագային եւս կարենաք համախմբուիլ ու կազմակերպուիլ` պահպանելու համար ձեր հայ քրիստոնէական ինքնութիւնը, ազգային արժէքներու եւ մայրենի լեզուի հանդէպ նախանձախնդրութիւնը փոխանցելով ձեր զաւակներուն»:

Հանդիպման աւարտին Նորին Սրբութիւնը, օրհնելով հայ համայնքի ներկայացուցիչները, նաեւ լսած է անոնց առաջարկները եւ պատասխանած ներկաներու հարցերուն»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.