2017-03-18 09:18:00

Հայաստան մասնակցեցաւ Հռոմի ֆրանկոֆոնիայի ֆիլմերու փառատօնին


Այս տարի Հայաստան առաջին անգամ մասնակցեցաւ Հռոմի մէջ տեղի ունեցող` Ֆրանքոֆոնիայի ֆիլմերու 8-րդ փառատօնին` բեմադրիչ Արամ Շահբազեանի «Մոսկւիչ, իմ սէր» գեղարուեստական ֆիլմով:

Ֆիլմի ցուցադրութիւնը կազմակեպելու համար իր աջակցութիւնը բերած էր Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը` ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան հետ համագործակցութեամբ:

Մարտ 16-ին Հռոմի «Ֆրանսական հիմնարկ-Սեն Լուիզ կեդրոն»-ի սրահին մէջ ունեցած ձեռնարկի ընթացքին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Հիմնարկի տնօրէն Օլիվիէ Ժաքոն եւ Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Վիքթորիա Բաղդասարեանը:

Օլիվիէ Ժաքոն, ողջունելով ներկաները, իր ուրախութիւնը յայտնեց փառատօնին առաջին անգամ Հայաստանի մասնակցութեան համար` մաղթելով շարունակականութիւն:

Դեսպան Բաղդասարեանը բարձր գնահատեց Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան դերը միջմշակութային երկխօսութեան եւ համամարդկային արժէքներու ամրապնդման գործին:

Հայաստանի դեսպանը ներկաներուն տեղեկացուց Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան 2018 թուականի գագաթնաժողովը Հայաստանի մէջ իրականացնելու մասին:

Դեսպան Վիքթորիա Բաղդասարեան նաեւ խօսեցաւ Հայաստանէն ներկայացուած ֆիլմին մասին` զայն բնութագրելով իբրեւ մարդկային երազանքներու ու իրականութեան, անցեալի ու ներկայի բախում:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.