2017-03-18 09:20:00

Կը վերակառուցուի 116-ամեայ Սբ. Սարգիս Եկեղեցին


Այգեզարդ համայնքի Սբ. Սարգիս եկեղեցին, որ կառուցուած է 1901-03 թուականներուն, ժամանակին նոյնպէս զոհ դարձած է անհաւատներու արշաւանքին:

Սակայն, ըստ Armenpress.am-ի, հաւատաւոր ժողովուրդը եկեղեցւոյ հողաշէն պատերը մատուռ դարձուցած է ու աւելի քան կէս դար կրցած է իր աղօթքը առ Աստուած այդ միջոցով ուղղել: Խորհրդային տարիներուն, վանքապատկան հողերը իւրացուած էին, կառուցուած բնակարան, գոմ… Սրբատեղին դարձած էր աղբանոց:

Մինասեաններու ընտանիքը, պահպանելով մատուռ-սրբատեղին, երեք տարի առաջ 30 քմ տարածքի վրայ սկսած է Սբ. Սարգիս եկեղեցւոյ վերակառուցման աշխատանքները: Երկշերտ քարակերտ պատերով եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքներու զգալի մասը արդէն աւարտած է: Տեղադրուած են երկաթէ դուռը, պատուհանները, ջրագիծ անցուած է, եկեղեցւոյ վրայ տեղադրուած է խաչը: Շուտով պիտի սկսին երկրորդ խաչի տեղադրման, տանիքի շինարարական եւ ներքին յարդարման աշխատանքները, պիտի տեղադրուի նաեւ Սուրբ սեղանը, ինչպէս նաեւ Յիսուսի, Տիրամօր եւ Սբ. Սարգիս մեծադիր նկարները, որոնք արդէն պատուիրուած են: Եկեղեցւոյ բակին մէջ, կանաչապատման, յարդարման աշխատանքներէն բացի, պիտի կառուցուի նաեւ ցայտաղբիւր:

Ամուսիններ Գեղամ եւ Անոյշ Մինասեանները ընդգծած են, որ եկեղեցին կը կառուցուի ողջ համայնքին համար: Եկեղեցւոյ կառուցման կը մասնակցին Մինասեան գերդաստանի փեսաները, խնամիները: «Իւրաքանչիւրը կ՝աշխատի մասնակցութիւն ունենալ Աստուծոյ օճախի կառուցման: Եկեղեցւոյ վերակառուցումէն ետք՝ գիւղին մէջ այսուհետեւ պիտի կատարուին բոլոր հոգեւոր ու ժողովրդական տօներն ու ծէսերը»,- ըսած են տէր եւ տիկին Մինասեանները:

Ընդգծենք նաեւ, որ Սբ. Սարգիս եկեղեցւոյ կառուցումը կարեւոր կը համարուի նաեւ անոր համար, որ տարիներ շարունակ եկեղեցի եւ շրջիկ քահանայ չունենալուն պատճառով՝ Այգեզարդի մէջ կը վխտան հոգեւորս աղանդաւորները: Եկեղեցւոյ կառուցման-աւարտման գործընթացը եւ գործող եկեղեցի ունենալու փաստը որոշ չափով պիտի լուծէ նաեւ այդ խնդիրը:








All the contents on this site are copyrighted ©.