2017-03-17 13:14:00

Կարդինալ Սոտանօ. ''Ֆաթիմայէն յոյսի պատգամ մը համայն աշխարհին համար''։


(Ռատիօ Վատիկան)  12-13 մայիս 2017-ին, Ֆաթիմա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան ուղղութեամբ, հինգշաբթի, 16 մարտին, կարդինալներու դասի աւագ երեց կարդինալ  Սոտանօ այցելեց Հռոմի մէջ Սուրբ Աթոռի մօտ Փորթոկալի դեսպանատուն։

Ան Փորթուկալի դիւանագիտական մարմնի անդամներուն  հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին, խօսելով   Ֆաթիմայի  Տիրամօր սրբավայրի , Ֆրանչիսկոս Պապի կատարելիք այցելութեան մասին, Կարդինալ Սոտանօ   անդրադարձաւ  1917-էն    պատահած արտակարգ  երեւոյթներուն  եւ զանոնք համարեց, որպէս նշան, որոնք մեզի հասկնալ կու տան, Աստուծոյ ներկայութիւնը մարդկութեան կեանքի իրադարձութիւններուն մէջ ։

Կարդինալ Սոտանօ  ապա  յիշելով համաշխարհային Բ պատերազմի ժամանակ,  երեք հովիւներուն   ուղղուած Տիրամօր  խօսքերը,   հաստատեց,  թէ Աստուած   միշտ կրնայ միջամտել  մարդկութեան պատմութեան մէջ աւեցնելով որ   Ֆաթիմայի Տիրամօր այն ժամանակուան պատգամը ՝լոկ հրաւէր մը չէր ապաշխարութեան ու աղօթքի, այլ յոյսի պատգամը մըն էր, որովհետեւ Աստուած ներկայ է մարդոց միջեւ, նաեւ  պատմութեան ամենէն ողբերգական ժամերուն։

Ի վերջոյ , կարդինալ Սոտանօ Փորթոալի դիւանագիտական մարմնի անդամներուն յիշել տուաւ  40 տարի առաջ կարդինալ Մանուել Կոնսալես Չերեժերա  հետեւեալ  խօսքը.  ՝՝եկեղեցին չէ որ Ֆաթիման  ներկայացուցած  է աշխարհին այլ նոյնինքն Ֆաթիման է որ ինքզինք  ներկայացուց  աշխարհին՝՝ 








All the contents on this site are copyrighted ©.