2017-03-17 09:42:00

«Հայաստանը հաւատարիմ է ՄԱԿ-ի յանձնառութիւններուն...» Նալպանտեան


Հայաստանը լիակատար հաւատարիմ է ՄԱԿ-ի յանձնառութիւններուն, ներառեալ` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ջանքերուն: Այս մասին, Մարտ 16-ին, Նիւ Եորքի Լինկըլն կեդրոնին մէջ ՄԱԿ-ին Հայաստանի անդամակցութեան 25-ամեակին նուիրուած համերգէն առաջ՝ իր ողջոյնի խօսքին մէջ նշած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան:

ՀՀ ԱԳՆ տեղեկութիւններով՝ ձեռնարկին ներկայ եղած են ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիու Կուտերեշը, ՄԱԿ-ի մէջ հաւատարամագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ, ՄԱԿ-ի քարտուղարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:

Ողջոյնի խօսքով դիմելով ներկաներուն` Էդուարդ Նալպանտեան ըսած է.

«Յարգելի պարոն գլխաւոր քարտուղար,

Տիկնայք եւ պարոնայք,

Ուրախ եմ դիմելու Ձեզ` Միաւորուած Ազգերու Աազմակերպութեան Հայաստանի անդամակցութեան 25-ամեայ յոբելեանին առիթով: Կ՝ուզեմ առանձնայատուկ շնորհակալութիւն յայտնել ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարին այս ձեռնարկը իր ներկայութեամբ պատուելուն համար: Շնորհակալ եմ նաեւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են այս համերգի կազմակերպման գործին մէջ, եւ, ի հարկէ, ձեր բոլորին` այս տօնական առիթը մեզի հետ միասին այսօր նշելու համար:

Քառորդ դար առաջ Հայաստանը ընդգրկուեցաւ ինքնիշխան պետութիւններու ընտանիքին մէջ: Իրականութիւն դարձաւ աշխարհասփիւռ հայութեան բազում սերունդներու երազանքը: Ուրախ եմ այսօր այստեղ տեսնելու մարդոց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են մեր նորանկախ պետութեան կայացման գործին մէջ:

Դժուար է գերագնահատել այս օրուան նշանակութիւնը: Խօսքը սոսկ անդամակցութեան խորհրդանշական կարեւորութեան մասին չէ, այլ խաղաղ եւ բարգաւաճ ապագայի տեսլականի, որ Միաւորուած Ազգերու Կազմակերպութեան հիմքն է, որ կ՝ոգեշնչէ ընդհանուր ճանապարհ անցնիլ` բարելաւելու աշխարհը, որ զերծ պիտի ըլլայ պատերազմներէ, հակամարտութիւններէ եւ բաժանարար գիծերէ: Հայաստանը, ինչպէս, համոզուած եմ, բազմաթիւ երկիրներ մեզմէ առաջ եւ ետք, միացած է Միաւորուած Ազգերու Կազմակերպութեան՝ այս ձգտումներով եւ նպատակներով:

Հայաստանը պետութիւններու ընտանիքին միացաւ ժամանակահատուածի մը մէջ, որ լի էր մարտահրաւէրներով, բայց ատիկա որեւէ կերպ չնուազեցուց մեր վճռականութիւնն ու յանձնառութիւնը` կառուցելու հասարակութիւն` լիովին հաւատարիմ Միաւորուած Ազգերու Կազմակերպութեան նպատակներուն եւ սկզբունքներուն: Մենք կ՝առաջնորդուինք ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ, որ կոչ կ՝ընէ  միաւորուելու` պահպանելու միջազգային խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը, զարգացնելու պետութիւններու միջեւ բարիդրացիական յարաբերութիւնները` հիմնուած ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի յարգման վրայ: Այս յանձնառութիւններու ամբողջական եւ անշեղ իրագործումը բոլոր պետութիւններու պարտաւորութիւնն է, որ անոնք ստանձնած են իրենց անդամակցութեամբ: Հայաստանը լիակատար հաւատարիմ է այս յանձնառութիւններուն, ներառեալ` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ջանքերուն:

Այս պարտաւորութիւններ ինկած են նաեւ ՄԱԿ-ի շրջանակներուն մէջ Հայաստանի ներգրաւուածութեան հիմքին: Առաջին հերթին ասիկա կը վերաբերի ՄԱԿ-ի կանխարգելման օրակարգին մեր յանձնառութեան: Իբրեւ ցեղասպանութեան սարսափի մէջն անցած ժողովուրդ` մենք կը զգանք բարոյական պարտաւորութիւն, ինչպէս նաեւ իրաւասութիւն` բարձրաձայնելու ցեղասպանութիւններու, մարդկութեան դէմ նոր յանցագործութիւններու կանխարգելման կարեւորութիւնը եւ քայլեր ձեռնարկելու այդ ուղղութեամբ:

Հայաստանը նաեւ իր նպաստը կը բերէ համաշխարհային խաղաղութեան ուղղակի ճանապարհով` մասնակցելով շարք մը խաղաղապահ առաքելութիւններու` Աֆղանիստանի, Իրաքի, Քոսովոյի, Լիբանանի եւ Մալիի մէջ:

Մենք միացած ենք միջազգային հանրութեան համատեղ ջանքերուն` ուղղուած զանգուածային ոչնչացման զէնք չտարածելուն, ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, փախստականներու հետ կապուած իրավիճակին լուծումներ գտնելուն: Միայն Սուրիայէն մօտ 22 հազար փախստականներ ապաստան գտած են Հայաստանի մէջ` մէկ շունչի հաշուով դարձնելով մեր երկիրը Սուրիայէն փախստականներ ընդունող երրորդ պետութիւնը Եւրոպայի մէջ: Մեր պետութիւնը կը ձեռնարկէ առաւելագոյնը` նպաստելու հանդուրժողականութեան եւ միջմշակութային, միջկրօնական երկխօսութեան խթանման, ցեղապաշտութեան, ատելութեան քարոզի եւ այլատեացութեան դէմ պայքարին:

Հարկ է շեշտել, որ Միաւորուած Ազգերու Կազմակերպութեան մէջ մեր ներգրաւուածութեան ամբողջ խորութիւնը կը չափուի ոչ միայն թիւերով, այլեւ գործի նկատմամբ ջանասիրութեամբ, անմնացորդ նուիրուածութեամբ ու յանձնառութեամբ, որ դրսեւորուած է ՄԱԿ-ի ծիրէն ներս Հայաստանի բազմաշերտ գործունէութեան քսանհինգ տարիներուն ընթացքին:

Մեր համատեղ ճանապարհի յաջորդ հանգրուանի մեկնարկին՝ կը փափաքիմ վերահաստատել Հայաստանի վճռական աջակցութիւնը ՄԱԿ-ի համընդգրկուն եւ արդիւնաւէտ առաջնորդութեան, որ միտուած է միջազգային պարտաւորութիւններն ու յանձնառութիւնները կեանքի կոչելուն եւ ուղղուած է ժողովուրդներու միջեւ կամուրջներ կառուցելուն ու բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատելուն, բաժանարար գիծերու վերացման, ողջ աշխարհի մէջ խաղաղութեան եւ բարեկեցութեան առաջ մղման»:

Ձեռնարկի ընթացքին երաժշտական կատարումներով հանդէս եկած են անուանի հայ երաժիշտներ` Ջիւան Գասպարեան կրտսերը, Արմէն Հիւսնունցը, Արտիոմ Մանուկեանը, Վարդան Յովսէփեանը, Կարէն Քոչարեանը, ինչպէս նաեւ` «Հովեր» պետական կամերային երգչախումբը` Սոնա Յովհաննիսեանի գլխաւորութեամբ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.