2017-03-16 11:02:00

Սուրիոյ պատերազմի մեկնարկի 6-րդ տարին:Կարդինալ Զենարի. ՝՝դադրեցնել բռնութիւնները՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Մարտ 15-ին  կը լրանայ Սուրիոյ պատերազմի մեկնարկի 6-րդ տարին: Արդարեւ  Պատերազմի վերաճած հակակառավարական առաջին ցոյցերը տեղի ունեցան սուրիական Տարաա քաղաքին մէջ` 2011-ի Մարտ 15-ին` «ազատութիւն» կարգախօսով. օրեր անց հաղորդուեցան առաջին 70 զոհերու մասին:

Այս առթիւ Վատիկանի Ռատիօ կայանը հարցազրոյց կատարեց Դամասկոսի մէջ Պապական նուիրակ Գերապայծառ Մարիօ Զենարիի հետ։  Վատիկանի դիւանագէտը Սուրիոյ ահռելի տառապանքը նմանեցուց բռնութեան, չարչարանքի, ջարդի ''Ցունամիի'' մը,  որ հարուածեց ու տապալեց յատկապէս քաղաքացի անմեղ բնակչութիւնը։  Ան նշեց թէ ականատես եղած է  աննկարագրելի չարչարանքի երեւոյթներուն,  յատկապէս հայող անմեղ , անպաշտպան մանուկներուն ու կիներուն։

Սուրիոյ մէջ շէնքերու, կառոյցներու, պալատներուն  քանդումի շարքին գերապայծառ Զենարի յայտնեց  թէ ամէնէն շատ տպաւորուած է ներքին քանդումէն, հոգիներու  քայքայումէն։

''Անթիւ ընտանիքներու հայրեր իրենց կեանքը կորսնցնելով պատերազմի մէջ, ընտանիքին բեռն ու  պատասխանատուութիւնը  շալկած են մայրեր ու մանուկներ, որոնք զուրկ են ընտանիքի ուրախութենէ  ու պաշտպանութենէ''  ըսաւ Գերայայծառ Զենարի  ապա նշեց թէ  պէտք է խթանել եւ պահպանել զօրեղ  յոյսը եւ այս առնչութեամբ անդրադառնալով  Ժընեւի, Ասթանայի մէջ ընթացք առած Սուրիոյ  խաղաղութեան բանակցութիւններուն , Գերապայծառ Զենարի ըսաւ որ Սուրիոյ ժողովուրդը կը գտնուի յոյսի եւ թերահաւատութեան վիճակի մէջ՝  անցեալի մէջ կայացած    անթիւ  ոչ արդիւնաբեր հանդիպումներու պատճառով։  Սակայն, շեշտեց ան,  պէտք է վառ պահել յոյսը ու յորդորեց  աղօթել  ու մաղթել, որպէսզի  2017- տարին ըլլայ շրջադարձային տարի ։   

Գերապայծառ Զենարի խօսքը ակնարկելով Ասթանայի խաղաղութեան բանակցութիւններուն յարեց թէ այս մէկը չի նշանակեր որ մի քանի շաբաթներէն ամէն ինչ պիտի լուծուի , սակայն յոյս յայտնեց որ Սուրիոյ` դէպի  դժոխք վայրէջքը, կասեցուի  եւ ան  կարենայ դուրս գալ այն անդունդէն որուն մէջ կը գտնուի։ Գերպայծառ Զենարի մաղթեց որ միջազգային ընտանիքի օժանդակութեամբ Սուրիոյ մէջ  կարելի ըլլայ ականատես դառնալ համերաշխութեան, կառուցումի եւ խաղաղութեան նշոյլներուն։       

 








All the contents on this site are copyrighted ©.