2017-03-15 08:50:00

Ուաշինկթըն կը դատապարտէ Դամասկոսը հարուածած երկակի ահաբեկչական յարձակումը


Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր ցաւակցութիւն յայտնեց անցեալ շաբաթ օր Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական երկու յարձակումներուն զոհերուն համար:

«Բնականաբար ցաւակցութիւն կը յայտնենք զոհերուն համար ահաբեկչական արարքներուն, ուր որ ալ տեղի ունենան անոնք, եւ մենք կը դատապարտենք այդ պայթումը եւ ցաւակցութիւն կը յայտնենք, սակայն այդ առնչութեամբ դատապարտագիր մը լրատուամիջոցներուն չփոխանցեցինք», ըսաւ Թոնըր:








All the contents on this site are copyrighted ©.