2017-03-15 10:20:00

''Յոյսով ուրախացէք'' Ֆրանչիսկոս Պապին 15 Մարտի Հրապարակային ունկնդրութիւնը։


Սէրը թող ըլլայ առանց կեղծիքի. չարէն զզուեցէ՛ք, բարիի՛ն յարեցէք: Իրարու հանդէպ գորովալի՛ց եղէք՝ եղբայրական սիրով. պատուելու մէջ՝ զիրա՛ր գերադասեցէք: Փութաջանութեան մէջ ծոյլ մի՛ ըլլաք. եռանդո՛ւն հոգիով Տէրոջ ծառայեցէք: Յոյսո՛վ ուրախացէք. տառապանքի մէջ համբերեցէ՛ք. աղօթքի մէջ յարատեւեցէ՛ք: Սուրբերու կարիքներուն հաղորդակի՛ց եղէք. հիւրասիրութեան հետամո՛ւտ եղէք:

(Ռատիօ Վատիկան) Պօղոս առաքելի Հռովմէացիներու ուղղուած նամակի այս հատուածը հանդիսացաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 15 Մարտի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակին ունկնդրութեան Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ ներկայացուցած խորհրդածութեան նիւթը, որուն սկիզբը ըստ սովորութեան Նորին Սրբութիւնը հաւատացեալները ողջունեց ըսելով ''Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր բարի լոյս''։

Քաջ տեղեակ ենք որ ամենամեծ պատուիրանը զոր մեր Տէրը Յիսուս թողուց մեզի` սէրն է, սիրել Աստուած բոլոր սրտով, բոլոր հոգւով ու բոլոր մտքով ու սիրել մերձաւորը մեր անձին պէս (Մատթ 22, 37-39) - ըսաւ ապա Քահանայապետը ու աւելցուց ''Մենք կոչումը ունինք սիրոյ, եղբայրսիրութեան եւ այս ամենաբարձր ու լիակատար կոչումն է` որ առնչուած է Քրիստոնեայ յոյսի ուրախութեան''։

Պօղոս առաքեալ Հռովմէացիներու ուղղած իր նամակին մէջ կը զգուշացնէ այն վտանգէն որ մեր սէրն ու եղբայրսիրութիւնը կեղծիքով ըլլան։ Այս կը պատահի երբ մեր սէրը մղուած ըլլայ անձնական շահերէ, երբ բարեսիրական գործեր կը կատարենք միայն երեւնալու ու գոհացում ընդունելու համար։ Մինչ սէրը նախ եւ առաջ շնորհք մըն է որ կարելի չէ արտայայտել ուրիշներու հետ հանդիպումին մէջ եթէ նախ չէ բխած Յիսուսի ողորմած ու հեզ դիմագիծի հետ հանդիպումէն։

Պօղոս առաքեալ կը հրաւիրէ մեզ ընդունիլ մեր մեղաւորի վիճակը ու միաժամանակ մեզի կը հաղորդէ նոր պատգամ մը` յոյսի պատգամ. Տէրը մեր առջեւ կը բանայ ազատութեան ու փրկութեան ճանապարհը, որով մենք եւս կարող ենք ապրիլ Սիրոյ մեծ պատուիրանը ու մեր կարգին դառնալ Աստուծոյ սիրոյ գործիքներ։ Այս կարելի է երբ թոյլ կու տանք որ մեր սիրտը բուժուի ու վերանորոգուի Յարուցեալ Քրիստոսի կողմէ։ Ան է որ մեր աղքատութեան ու անիրաւութեան հանդերձ կը թոյլատրէ փորձարկել Աստուծոյ գթութիւնը ու ապրիլ Անոր սիրոյ սքանչելիքները։ Այդ ժամանակ բացայայտ կը դառնայ թէ ամէն այն բաները որ կարող ենք ապրիլ ու գործել ի սպաս մեր եղբայրներուն ուրիշ բան չեն եթէ ոչ պատասխանը այն ամէն բարիքներուն զոր Աստուած ըրաւ ու կը շարունակէ ընել մեզի, բնակելով մեր սրտին մէջ։ ։

Պօղոս առաքեալ կ՛ուզէ մեզ քաջալերել մեր յոյսը վերակենդանացնելու եւ այս ընելու համար Ան մեզի կը յիշեցնէ Յոյսով ուրախանալու գաղտնիքը ''չարէն զզուեցէ՛ք, բարիի՛ն յարեցէք: Իրարու հանդէպ գորովալի՛ց եղէք՝ եղբայրական սիրով. պատուելու մէջ՝ զիրա՛ր գերադասեցէք: Փութաջանութեան մէջ ծոյլ մի՛ ըլլաք. եռանդո՛ւն հոգիով Տէրոջ ծառայեցէք: Յոյսո՛վ ուրախացէք. տառապանքի մէջ համբերեցէ՛ք. աղօթքի մէջ յարատեւեցէ՛ք: Սուրբերու կարիքներուն հաղորդակի՛ց եղէք. հիւրասիրութեան հետամո՛ւտ եղէք''

Առ այդ Աստուծոյ սիրով ու հաւատարմութեամբ բնակուած սրտով, ապրինք յոյսի ուրախութեամբ ու մեր եղբայրներուն փոխանցենք ամէն բարիքները որ կ՛ընկալենք Աստուծմէ։

Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները, ապա յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց հիւանդներուն, երիտասարդներուն ու նորապսակներուն մաղթելով  որ քառասնորդացը սատարէ Աստուծոյ մօտենալու ու հրաւիրեց երիտասարդները ծոմապահութիւն ընելու նաեւ գէշ սովորութիւններէ, յորդորեց հիւանդները դիմելու աղօթքին ու անոր միջոցաւ զգալու Աստուծոյ մօտիկութիւնը ապա նորապսակներուն խրատեց ողորմածութեան ներգործութիւններու ընդմէջէն  իրենց ամուսնական կեանքը նուիրել նաեւ եղբայրներու կարիքներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.