2017-03-15 09:21:00

Լեհաստանի եպիսկոպոսները կը հրաւիրեն աղօթել Եւրոպայի համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Վարշավիայի մէջ 13 եւ 14 Մարտին գումարուած` 375-րդ Եպիսկոպոսական լիանիստ գումարի աւարտին, Լեհաստանի Եպիսկոպոսները հրաւէր ուղղած են աղօթելու Եւրոպայի համար ինչպէս նաեւ ամէն մէկ մարդ անհատի յարգանքի համար իրենց աջակցութիւնը ցուցաբերելով Եւրոպական Միութիւնը յղացող Ալչիտէ Տէ Կասփերի եւ Ռոպերդ Շումանի երանացման դատին։

Հաւաքի աւարտին Լեհաստանի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի անդամները Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ յիշած են Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետութեան չորրորդ տարեդարձը ու աղօթած են անոր դիտաւորութեան։

Վերոնշեալ լիանիստ գումարի ընթացքին շօշափուած նիւթերու շարքին եղան` ամուսնացած ու բաժնուած ինչպէս նաեւ առանց ամուսնութեան միասին ապրող զոյգերու հարցերը, Սիրոյ Ուրախութիւնը շրջաբերականի լոյսին տակ։

Այս առնչութեամբ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ ապա նշուած է թէ Լեհաստանի Քարիթասի միջոցաւ 2.225 սուրիացի ընտանիքներ օժանդակութիւններ ստացած են` ''Ընտանիքը ընտանիքի համար'' ծրագրի ծիրէն ներս։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.