2017-03-15 12:47:00

Գերապայծառ Եուրքովիչ ''Միջազգային ընտանիքը պատասխանատու է Սուրիոյ ներկայ կացութեան''։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 14 մարտին, Ժընեւի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ գումարուեցաւ մարդկային իրաւունքերու 34 –րդ ընդհանուր նիստը,  որուն  ընթացքին  ելոյթ ունեցաւ նաեւ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ՝ Գերապայծառ Իվան Եուրքովիչ։

Վատիկանի Դիւանագէտը խստիւ դատապարտած է Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող  պատերազմը, անիմաստ ջարդ որակելով զայն։ Ան խօսած է ''ահռելի կացութեան մը մասին'' ուր 6 տարիէ ի վեր բռնութիւնները պատճառեցին  հարիւր հազարաւոր մեռեալներ ու վիրաւորներ, քար ու գանդ ըրին բնակարաններ, դպրոցներ, հիւանդանոցներ ու պաշտամունքային վայրեր, ուր կարիքը կայ առողջապահական պատշաճ խնամակալութեան եւ ուտեստեղէնի։

Գերապայծառ Իվան Եուրքովիչ  նկատել  տալով  թէ սոյն  տխուր իրողութեան մէջ Սուրիացի ժողովուրդը ամէն օր պայքարի մէջ է,  վերահաստատեց Սուրբ Աթոռի զօրակցութիւնը Սուրիոյ բնակչութեան նկատմամբ ի մասնաւորի բռնութեան թիրախ դարձած անմեղներուն նկատմամբ, եւ քաջալերեց  միջազգային ընտանիքը, իր միջամտութիւնը բերելու ու իրականութիւնը դիտելու բռնութեան թիրախ զոհերու աչքերով։

Ան ապա ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչներու  ուշադրութեան յանձնեց, որ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող անօգուտ ջարդը, անգամ մը եւս ցոյց կու տայ վէճերու ­ հակամարտութիւններու  լուծման որպէս միջոց  պատերազմի դիմելը ապարդիւն է ու թէ այս առընչութեամբ քաղաքական իշխանութեան ձգտումի սնապարծութիւնն ու  անձնական շահերը, բռնութիւն ու ատելութիւն հրահրելն  ու զինամթերքի վաճառքը,  2011 թուականէն ի վեր,պատճառ դարձան  5 միլիոնէ աւելի տեղահանութեան, իրենց ետին թողելով 13,5 միլիոն կարիքաւոր անհատներ, որոնց կէսը մանուկներ են։

 

Ի տես այս տխուր իրողութեան  Վատիկանի դիւանագէտը հրամայական նկատեց, զանազան մակարդակներուն վրայ երկխօսութիւնը որդեգրել որպէս միակ ուղի եւ այս առնչութեամբ  գնահատեց վերջերս ձեռք բերուած փոքրիկ  յառաջդիմութիւնները , կրկին վերահաստատելով Սուրբ Աթոռի դիրքը թէ  ''Սուրիոյ կացութեան համար  գոյութիւն չունի ոչ մի ռազմավարական լուծում'' եւ թէ պէտք չէ դիմել  բռնութեան տրամաբանութեան որովհետեւ բռնութիւնը լոկ բռնութիւն կը յառաջացնէ''։

ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն  դէտը յիշեցուց Սրբազան Քահանայապետին մօտիկութեան կեցուածքը Սուրիացի Ժողովուրդին նկատմամբ ու յատկապէս մանուկներուն ու երիտասարդներու նկատմամբ որոնք զրկուած են իրենց մանկութեան ուրախութենէն ապա նոր կոչ մը ուղղեց որպէսզի ''խաղաղութիւնը, հաշտութիւնը ու ներումը, կարողանան յաղթանակ արձանագրել բռնութեան ու ոխի վրայ ապա ընդգծեց թէ վեց տարուայ այս պատերազմը նշան է միջազգային հասարակութեան ձախողութեան ապա հաստատեց թէ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը մեր պատասխանատուութիւնն է որպէս ազգերու ընտանիք։ Սուրիոյ Ժողովուրդի իրաււոնքները անկախ անոնց կրօնական ու ցեղային պատկանելիութեան պէտք ենք պաշտպանուիլ որովհետեւ բոլոր սուրիացիները կը կիսեն արդարութեան ու խաղաղութեան ձգտումները որոնք հիմնական տարրեր են մարդկային համապարփակ զարգացումին։

 

Ամէն մէկ մարդ արարածի արժանապատուութիւնը պէտք է գերադասուի իշխանութիւններէն վեր։ Ու այս անիմաստ ջարդի անմեղ զոհերու տառապանքը պէտք է բոլոր կողմերը մղէ յանձնառութեամբ դիմելու լուրջ երկխօսութեան ու գործելու ի սպաս խաղաղ ու արդար ապագայի մը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.