2017-03-14 09:58:00

Քոլոմպիացիները մեծ ուրախութեամբ կը պատրաստուին ընդունիլ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 6-11 սեպտեմբեր 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական ճամբորդութեամբ պիտի մեկնի Քոլոմպիա ուր պիտի այցելէ երկրին մայրաքաղաքը` Պոկոթան, Վիլլավինչենցիոն, Մետտելինն ու Քարթակենան։ Ճամբորդութեան բնաբանն է ''Առաջին քայլը կատարենք'' որ  խորհրդանիշն է Քոլոպիայի մէջ ընթացք առած հաշտութեան ու խաղաղութեան գործընթացին որուն իրագործման համար մեծ դեր ունեցաւ նաեւ Սուրբ Աթոռը ու յատկապէս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը որ երկիրը պիտի այցելէ որպէս խաղաղութեան առաքեալ։

Նորին Սրբութեան Քոլոմպիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութիւնը կը հանդիսանայ Սրբազան Հօր Լատին Ամերիկա կատարած հինգերորդը։ Առաջին ճամբորդութիւնը տեղի ունեցաւ հազիւ Քահանայապետ ընտրուած 2013-ին` երբ Ան մեկնեցաւ Պրազիլ մասնակցելու համար այնտեղ կազմակերպուած Երիտասարդութեան Համաշխարհային հաւաքին, երկրորդը Էքուատոր, Պոլիվիա եւ Փարակուէյ 2015 թուականին, ապա Քուպա` 2015-ի սեպտեմբերին հուսկ Մեքսիքօ 2016-ի Յունուարին։

Ֆրանչիսկոս Պապ կը հանդիսանայ երրորդ Քահանայապետը որ Քոլոմպիան կ՛այցելէ։ Երանելի Պօղոս Զ-ը եղաւ առաջին Քահանայապետը որ այցելեց Պոկոթան երբ 22-24 օգոստոս 1968-ին Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսներու ընդհանուր Բ հաւաքի առթիւ հովուական այցելութիւն կատարեց դէպի Քոլոմպիա ուր բացումը կատարեց նաեւ Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի կեդրոնին։  Պօղոս Զ Քահանայապետէն ետք Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բը եւս այցելեց Քոլոմպիան` 1 – 8 Յուլիս 1986-ին ու ահա յառաջիկայ սեպտեմբեր ամսոյն սկիզբը Քոլոմպիան անհամբեր, մեծ հրճուանքով եւ ուրախութեամբ կը սպասէ Սուրբ Պետրոսի 265-րդ յաջորդին այցը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.