2017-03-14 10:20:00

Լատին Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ էքզարքութեան աթոռի վերահաստատում։


(Ռատիօ Վատիկան) Լատին Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ առաքելական էքզարք ու Պուէնոս Այրէսի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի թեմին առաջնորդ` Արհիապատիւ Վարդան Եպիսկոպոս Պօղոսեանի Ռատիօ Վատիկանի ուղարկած մէկ հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք թէ Ֆրանչիսկոս Պապին տնօրինութեամբ` Սան Փաոլօ քաղաքը կը դառնայ Լատին Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ էքզարքութեան աթոռ,  որմէ կախեալ են Մեքսիքոյի, Վենեզուելլայի. Պրազիլի, Ուրուկուէյի եւ Չիլէի հայ կաթողիկէ հասարակութիւնները։

Վերոնշեալ որոշումի Քահանայապետական հրամանագիրը պաշտօնապէս կը հրապարակուի յառաջիկայ կիրակի 2 ապրիլ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 11-ին կայանալիք հանդիսաւոր գոհաբանական սուրբ պատարագի ընթացքին, որուն աւարտին նախատեսուած է նաեւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի անուան հայ կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցւոյ վերանորոգուած ճակատին բացումը ինչպէս նաեւ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ ներքնափակին մէջ զետեղուած Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողի օրհնութիւնն ու քօղազերծումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.