2017-03-13 11:46:00

Ֆրանչիսկոս Պապի այցելութիւնը Հռոմի Սանթա Մատտալենա Տի Քանոսսա ժողովրդապետութեան։


(Ռատիօ Վատիկան)  Կիրակի 12 մարտին՝ յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ այցելեց Հռոմի Սանթա Մատտալենա Տի Քանոսսա ժողովրդապետութիւնը , ուր հանդիպում ունեցաւ ժողովրդապետութեան համայն հասարակութեան հետ, երկխօսութիւն կատարեց  մանուկներուն ու երիտասարդներուն հետ,  հանդիպեցաւ տարեցներուն ու հիւանդներուն  հետ,  ապա  հովուական այցելութիւնը աւատեց ժողովրդապետութեան եկեղեցւոյ մէջ մատուցած  Սուրբ Պատարագի զոհի արարողութեամբ ։ Մանուկներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին  Ֆրանչիսկոս Պապ պատասխանելով անոնց հարցումներուն, որոնց շարքին` Յիսուսի հետ առաջին հանդիպումին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց թէ Յիսուսն է, որ նախ կը մօտենայ մեզի եւ մեր սրտին կը խօսի ապա  համբերութեամբ մեզ կը սպասէ։     

Խաղաղութեան մասին խօսելով Սրբազան Հայրը յանձնարարեց  գործել ի սպաս խաղաղութեան կերտումին, սէր տարածելով  եւ  մեր ընկերոջ հետ վէճի պարագային՝ նախ քան մայրամուտը` հաշտուիլ անոր հետ։ Սրբազան Հայը  զգուշացուց մանուկները  շատախօսութիւն կատարելէ, որովհետեւ ան պատճառ կը դառնայ, ըսաւ Ան, ընտանիքին, ժողովրդապետութեան, ու համայն տարածաշրջանի մը քայքայումին,  նման ահաբեկիչի մը կողմէ ուղղուած կործանիչ  ռումբի։ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յատուկ  շնորհակալութեան  խօսք ուղղեց կրօնի դասատուներուն, իրենց տածած աշխատանքին  համար որակելով զանոնք , որպէս հիմք  ժողովրդապետութեան եւ թեմական կեանքին։ Ապա եկեղեցւոյ  թատերասրահին մէջ Նորին Սրբութիւնը հանդիպում ունեցաւ 2016 տարեշրջանին մկրտուած մանուկներու ծնողաց հետ ինչպէս նաեւ ժողովրդապետութեան տարեցներուն եւ հիւանդներուն հետ անոնց ապահովեցնելով իր աղօթքները ու ընդգծելով թէ հիւանդութիւնը խաչ մըն է, խաչը՝ սակայն կեանքի սերմ  է ու ամէն մին խաչ,  կարող է անթիւ մարդոց համար դառնալ կեանք։

Հռոմի ժողովրդապետութեան հովուական ծառայութեամբ զբաղող կամաւորներուն հետ ունեցած հանդիպումի աւարտին, Սրբազան Հայրը խոստովանանքի խորհուրդը մատակարարեց կարգ մը հաւատացեալներուն, որմէ ետք նախագահեց  Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, որուն ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ ակնարկելով օրուան Սուրբ  Գրային ընթերցումին,­ ուր կը խօսուի Յիսուսի այլակերպութեան մասին Ֆրանչիսկոս Պապ  հաստատեց, թէ Յիսուս ինքզինք ունայնացուց մեր փրկութեան համար, ապա հրաւիրեց խոկալ Փրկչին մասին,  որպէսզի Ան մեզ քաջալերէ յառաջ ընթանալու կեանքին ուղեւորութեան մէջ՝ քրիստոնէական կեանքի ուղեւորութեան մէջ ու քաջալերէ մեզ ներողութիւն հայցելու մեր մեղքերուն համար ու յատկապէս քաջութիւն պարգեւէ, որպէսզի միշտ Իրեն վրայ վստահինք, որովհետեւ Ան իր վրայ կռեց մեր մեղքերը ու միշտ պատրաստ է մեզ ներելու երբ մենք այդ ներումը կը հայցենք։

Սուրբ Զոհի աւարտին եւ նախ քան Վատիկան վերադառնալը Քահանայապետը   շնորհակալութիւն յայտնեց հաւատացեալներուն իրեն վերապահած ջերմ ընդունելութեան համար ու   խրախուսեց ներկաները   ՝՝ուրախութեամբ յառաջ երթալ՝՝ , ապա Տիրամօր  հովանին հայցելով, բոլորին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնները։        








All the contents on this site are copyrighted ©.