2017-03-13 12:07:00

Լեհաստանի մէջ պիտի բացուի հայկական ձեռագիրներու ցուցահանդէս


Լեհաստանի Քիելցէ քաղաքին մէջ պիտի բացուի հայկական ձեռագիրներու ցուցահանդէս կը հաղորդէ Radio Kielce-ն:

Աղբիւրին հաղորդմամբ, ձեռագիրները եւ աւետարանները համաշխարհային նշանակութեան բացառիկ յուշարձան են` հայերու համար նոյնքան սրբութիւն, որքան ուղղափառներու համար սրբապատկերները:

Ձեռագիրները արտագրողները, մանրանկարիչները, կազմարարները, թարգմանիչները Հայաստանի մէջ միշտ պատուելի եղած են: Այս ձեռագիրները հայերուն օգնած են իրենց ինքնութիւնը պահպանելու անկախութեան կորստի տարիներուն:

«Հայկական արուեստը կը բնութագրեն գոյները, հայեացքները, խորհրդանիշները եւ մարդոց իւրայատուկ պատկերումը»,- ըստ «Փանարմինիըն»-ի՝ ըսած է Քիելցէի Ժողովրդական թանգարանի աշխատակից Պաւել Գժեսիկը:

Լեհաստանի մէջ այսպիսի շատ ձեռագիրներ եղած են, սակայն միայն մօտ 20 ձեռագիր պահպանուած է: Ատոնք կը պահուին Վարշաւայի Ժողովրդական գրադարանին, Կրաքովի Ժողովրդական թանգարանին եւ Վրոցլաւի Օսօլինսքիի անուան ազգային գրադարանին մէջ








All the contents on this site are copyrighted ©.