2017-03-13 09:32:00

Դամասկոս անձնասպանական երկու գործողութիւններ 41 զոհ պատճառեցին


Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ դատապարտեց շաբաթ օր տեղի ունեցած այն երկու ականահարումները, որոնց թիրախ դարձան Դամասկոսի կեդրոնը գտնուող Պապ Սաղիրի սրբավայրերու այցելուները: Արձանագրուած 41 զոհերուն եւ 100 վիրաւորներուն մեծամասնութիւնը իրաքցիներ էին:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով դատապարտեց «շիի դաւանանքին պատկանողներուն համար սրբազան վայրերու այցելուները թիրախ դարձուցած յարձակումը», ինչպէս նաեւ ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերուն համար եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:

Երկակի անձնասպանական գործողութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնեց Թահրիր Շամ խմբաւորումը:








All the contents on this site are copyrighted ©.