2017-03-12 12:20:00

Ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութիւնը Կուաթեմալայի մէջ պատահած հրդեհի գոհերուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 12 մարտ 2017-ին Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր մօտիկութիւնը յայտնեց Կուաթեմալայի ժողովուրդին որ, ըսաւ Ան, կ՛ապրի սուգի մէջ­, ծանր ու տխուր հրդեհի մը պատճառաւ որ բռնկուեցաւ ''Casa Refugio Virgen de la Asunción'' հաստատութեան ներքոյ, պատճառելով բազմաթիւ զոհեր ու վիրաւորներ այնտեղ բնակող երիտասարդուհիներուն մէջ։

Թող Տէրը ընդունի անոնց հոգին ու բուժէ վէրքերը եւ մխիթարէ տառապող ընտանիքներն ու համայն ազգը – յարեց Սրբազան Քահանայապետը յայտնելով թէ ինք կ՛աղօթէ ու կը հրաւիրէ աղօթել բոլոր երիտասարդներուն համար որոնք թիրախ են բռնութիւններուն ու պատերազմի չարաշահումներուն։

Այս մէկը մեծ ժանտախտ մըն է, թաքուն ճիչ մըն է, որ պէտք մեր բոլորին կողմէ լսելի դառնայ, ու չենք կրնանք շարունակել այնպէս ձեւացնել թէ չենք տեսներ ու չենք լսեր - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.